Հարս կը բերեն գիւղ, որ երեխաները գոնէ ուսուցիչ ունենան. մարզերու մէջ ուսուցիչի սով է

Շարք մը գիւղերու մէջ ուսուցիչ ունենալու խնդիրն այդպէս ալ չեն կրնար լուծել: Ժողովուրդը հնարամտութեան կը դիմէ, ձեւեր կը գտնէ, որ ուսուցիչի խնդիրը լուծեն, բայց ասիկա միակ խնդիրը չէ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 2 ապրիլի — Sputnik. Կան շարք մը դպրոցներ, որ չեն կրնար ուսուցիչ գտնել ու ինչ հնարամտութեան ըսես, որ չեն դիմեր: Այսօր լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ կրթութեան փորձագէտ Սերոբ Խաչատրեան:

«Օրինակ` հարս կը բերեն, որ գիւղի երեխաները գոնէ ուսուցիչ ունենան»,– ըսաւ ան:

Անոր խօսքով` կան շարք մը դպրոցներ, որ 150 000 դրամ կը ծախսեն` յայտարարութիւն տեղադրելու համար, որ ուսուցիչի կարիքը ունին, այնինչ այդ գումարով կրնային դպրոցին համար անհրաժեշտ խնդիրները հոգալ:

«Ունինք գիւղեր, ուր ուսուցիչներու 90 տոկոսը դուրսէն կու գան այդ գիւղ: Ի դէպ, գիւղ կը հասնին ամէն հնարաւոր ձեւով` անգամ հաց մատակարարող մեքենայի վարորդին կը խնդրեն, որ իրենց տեղ հասցնէ: Ուսուցիչ կայ` 50 000 դրամ աշխատավարձ կը ստանայ, որմէ 15 000–ը կը ծախսէ ճանապարհի վրայ: Այսինքն` ժողովուրդն ինչ–որ ձեւեր կը գտնէ, որ ուսուցիչի խնդիրը լուծէ»,–ըսաւ Խաչատրեան:

Կեանքը Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու մէջ, կամ նոր իրականութիւն` Բերքաբեր այցէն ետք

Խօսելով կրթութեան ոլորտի մէկ այլ խնդրի մասին` ան նշեց, որ վերջին 10 տարուան ընթացին Հայաստանի դպրոցները շատ քիչ համակարգիչներ ստացած են: 2000 թուականներուն բազմաթիւ համակարգիչներ բաժնուեցան դպրոցներուն, սակայն ատոնք կարիք ունին պարբերաբար թարմացման: Փորձագէտին խօսքով` այսօր ունինք գիւղական դպրոցներ, ուր 2-3 համակարգիչ կայ, որոնցմէ մէկը տնօրէնին սենեակն է, քանի որ ան պէտք է հաշուետուութիւններ գրէ:

«Միւս կողմէն իրաւական նման կէտ կայ, որ ուսուցիչը պարտաւոր է առնուազն ամիս անգամ մը տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կիրառմամբ իւրաքանչիւր առարկայէն մէկ դաս ընել: Բացի այդ, կարելի է ըսել, որ «ինֆորմատիկա» համակարգչային գիտութեան առարկայի դասաւանդումը մեծ մասամբ ձախողած է այսօր»,–ըսաւ Խաչատրեան:

Անդրադառնալով 12–ամեայ կրթութեան`Խաչատրեան նշեց, որ եթէ ինը տարուան մէջ երեխան չէ սորված, ինչ հրաշք պէտք է ըլլայ, որ 10–րդ դասարանին սկսի սորվիլ: Անոր հաւաստմամբ`գիւղերուն մէջ մեծամասամբ այդ տարիքի երեխաները կ’աշխատին` սկսած գերեզմանափորէն մինչեւ կազակայաններու աշխատակից: «Ինչո՞ւ համար մենք կը ֆինանսաւորենք այդ երեխաներուն, եթէ կրթութիւնը անոնց պէտք չէ»,–ըսաւ Խաչատրեան:

Ադամեանը «կը բողոքէ» Google-ին` Ստեփանակերտի անունն ուղղելով եւ վայրը դարձնելով Արցախ

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանն ալ արձագանքեց` ըսելով, որ նախարարութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ այլ նախարարութիւններու հետ համագործակցելով` կը փորձեն ստեղծել համակարգ` դպրոց չյաճախող երեխաներու վաղ յայտնաբերման համար:

«Սակայն բան մըն է դպրոց չյաճախող երեխաներու հետ կապուած ընդհանուր պատկեր ունենալ, մէկ այլ հարց` միջոցներ ձեռնարկել այդ երեխաներուն կրկին դպրոց վերադարձնելը: Իրականութեան մէջ դպրոց չյաճախող երեխաներուն դպրոց վերադարձնելու հարցով մենք կը բախուինք նաեւ ընկերային շարք մը խնդիրներու»,–ըսաւ Յարութիւնեան:

Ան աւելցուց նաեւ, որ իր ունեցած տուեալներով` դպրոց չյաճախող երեխաներու թիւը մեծ չէ:

Ըստ ԿԳՆ–ի կայքին մէջ հրապարակուած տեղեկութիւններուն` Հայաստանի մէջ կը գործէ 1385 հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւն եւ 112 աւագ դպրոց: