Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան Տաճարին մԷջ առաջին անգամ հայկական տուտուկ հնչած է. տեսանիւթ

«Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ ըլլալն աննկարագրելի, հոգեպարար զգացողութիւններ կ’առաջացնէ, բառերով չես կրնար նկարագրել», Գէորգ Տապաղեան:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 26 մարտի-Sputnik. Երուսաղէմի մէջ մարտ 4-21 կայացած «Հայերն Երուսաղէմի մէջ» խորագիրով փառատօնի ծիրէն ներս ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, տուտուկահար Գէորգ Տապաղեան եւ երաժշտահան Վաչէ Շարաֆեան հանդէս  եկած են տուտուկի եւ դաշնամուրի կատարումներով:Երուսաղէմի մէջ գտնուելու պատեհ առիթը չկորսնցնելով` Գէորգ Տապաղեան յաճախակի այցելած է Սուրբ Յարութեան տաճար եւ գիշերն անցուցած այնտեղ:

Այդ այցելութիւններուն ընթացքին ալ  տուտուկահարին մօտ միտք ծագած է տուտուկի միջոցով իր աղօթքն առ Աստուած բարձրացնել:

Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան Տաճարին մԷջ առաջին անգամ հայկական տուտուկ հնչած է. տեսանիւթ

«Եկեղեցւոյ տարբեր հատուածներու մէջ տարբեր կատարումներ հնչեցին` Տէր Ողորմեան, Գրիգոր Նարեկացիի տաղերէն, իսկ Հաւուն Հաւունը կատարեցի Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանի մուտքին առջեւ: Սուրբ  Յարութեան տաճարին մէջ ըլլալն աննկարագրելի, հոգեպարար զգացողութիւններ կ’առաջացնէ, բառերով չես կրնար նկարագրել»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսած է Գէորգ Տապաղեան եւ աւելցուցած, որ այդ գիշեր Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ գտնուող այլազգի ուխտաւորները կլանուած եւ հիացած լսած են կատարումները, որ անոնց համար  իսկական բացայայտում մը եղած է:  Առհասարակ, Սուրբ Յարութեան Տաճարին մէջ առաջին անգամ կը լսուէին  տուտուկի հնչիւնները, եւ, ընդհանրապէս, որեւէ գործիք, բացի երգեհոնէն, Տաճարին մէջ առ այսօր չէ հնչած: Այն Մեծ Պահքին ընդառաջ աւելի տպաւորիչ, ազդու  եղած է եւ իրենց աւելի  մօտեցուցած է Տիրոջ:

Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան Տաճարին մԷջ առաջին անգամ հայկական տուտուկ հնչած է. տեսանիւթ

Գէորգ Տապաղեանի կարծիքով իւրաքանչիւր հայ պէտք է այցելէ Երուսաղէմ, զգայ Սուրբ Յարութեան տաճարի խաղաղեցնող մթնոլորտը, որ հնարաւորութիւն կու տայ բացայայտելու ինքզինքդ եւ վերարժեւորելու ապրած կեանքդ:

Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան Տաճարին մԷջ առաջին անգամ հայկական տուտուկ հնչած է. տեսանիւթ

«Տպաւորուած եմ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան հայր սուրբերու եւ սարկաւագներու ընդունելութենէն, անոնց կատարած աշխատանքէն, որոնք ամէն ջանք կը գործադրեն` Երուսաղէմի մէջ  քրիստոնէական արժէքները եւ հայկական ներկայութիւնը  պահպանելու ուղղութեամբ:  Անոնք հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ ծառայողներ են»,-իր խօսքն ամփոփած է տուտուկահարը:

Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան Տաճարին մԷջ առաջին անգամ հայկական տուտուկ հնչած է. տեսանիւթ

Աւելցնենք, որ երկրորդ անգամ տեղի ունեցող փառատօնը կազմակերպուած էր Երուսաղէմի «Բնութեան թանգարանի», Երուսաղէմի քաղաքապետարանի եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի համագործակցութեամբ:

Գէորգ Չիչեան