Փաշինեան նուէր ստացած է Հենրիխ Մխիթարեանէն. լուսանկարներ

Վարչապետն այցելած է ֆութպոլի ակադեմիա, գօտեպնդած ֆութպոլիստներն ու հեռացած նուէրով:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 26 մարտի – Sputnik. ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերացիայի նախագահ Արթուր Վանեցեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Աւանի ֆութպոլի ակադեմիա: Այս մասին կը յայտնէ վարչապետի մամլոյ ծառայութիւնը:

«Ինչի՞ կը սպասէք, նոր ցեղասպանութեա՞ն». Սերժ Թանքեան Թուրքիա չայցելելու կոչ ըրած է

Վարչապետը շրջայց  կատարած է ակադեմիայով, ծանօթացած այստեղ ստեղծուած պայմաններուն ու առկայ ենթակառուցուածքներուն: ՀՖՖ ղեկավարները Նիկոլ Փաշինեանին  ներկայացուցած են  մեր երկրին մէջ ֆութպոլի զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող եւ յառաջիկային նախատեսուող ծրագիրները:

Այնուհետեւ կառավարութեան ղեկավարը հանդիպած է ֆութպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականի մարզիչներու  անձնակազմին եւ ֆութպոլիստներուն հետ, որոնք կը պատրաստուին մարտ 26-ին Երեւանի Հանրապետական մարզադաշտին մէջ կայանալիք Եւրոպայի 2020 թուականի առաջնութեան ընտրական փուլի Հայաստան-Ֆինլանտա հանդիպման:

Հայաստանի հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեան Նիկոլ Փաշինեանին նուիրած է հաւաքականի մարզաշապիկն ու ֆութպոլիստներու ստորագրութեամբ գնդակ:

Փաշինեան նուէր ստացած է Հենրիխ Մխիթարեանէն. լուսանկարներ

Դիմելով ներկաներուն` Նիկոլ Փաշինեան նշած է. «Մենք քիչ առաջ կը քննարկէինք Հայաստանի մէջ ֆութպոլի զարգացման հեռանկարները: Մեր քննարկման առանցքին մէջ էր այն, որ ֆութպոլի միջոցով կարելի է փոխել հանրային կեանքի եւ յարաբերութիւններու ողջ բովանդակութիւնը, ընդհուպ փոխել մարդոց ինքնազգացողութիւնը եւ ինքնագնահատականը որպէս քաղաքացի, որպէս հանրութիւն: Ի հարկէ, ֆութպոլի միջոցով կարելի է փոխել նաեւ երկրի եւ հանրութեան տրամադրութիւնը»:

Փաշինեան հէնց այդ առումով կարեւոր  համարած է ընդհանրապէս մարզանքը եւ ֆութպոլն առաջին հերթին` որպէս ամենազանգուածային մարզաձեւ:

Փաշինեան նուէր ստացած է Հենրիխ Մխիթարեանէն. լուսանկարներ

«Ազգային հաւաքականն իր պատմութեան ընթացքին ցնծութեան բազմաթիւ պահեր  պարգեւած է բոլորիս: Ինքս անցեալին բազմիցս ազգային հաւաքականի խաղերուն հետեւած եմ մարզադաշտէն` իմ ընտանիքիս անդամներուն հետ, եւ ատիկա միշտ եղած է մեծ հաճոյք: Ի հարկէ, եթէ խաղի արդիւնքը բաւարարած է` առաւել մեծ հաճոյք եղած է, իսկ եթէ այն այդքան ալ չէ բաւարարած` մենք շատ ուրախ եւ հպարտ եղած ենք, որ հաւաքականի կողքին ենք այդ ծանր փորձութեան պահին: Այս առումով, յոյս ունիմ, որ յառաջիկային կ’ունենանք յաջողութիւններ: Շատ կ’ուզէի, որ այն ոգին, որ այսօր կայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ` քաղաքացիական հանրային կեանքի առումով, կ’արտայայտուի  եւ արտայայտուի նաեւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի խաղին»,– նշած է ան:

Փաշինեան ֆութպոլիստներուն յաջողութիւն մաղթած է այսօրուան խաղին:

Փաշինեան նուէր ստացած է Հենրիխ Մխիթարեանէն. լուսանկարներ

«Բայց կը կարծեմ, որ առաջին կարեւոր հոգեբանական պահը, որ պէտք է ունենանք` հետեւեալն է. Հայաստանի ժողովուրդը, մարզասէրները, անկախ խաղի  արդիւնքներէն` միշտ մեր հաւաքականի կողքին պէտք է ըլլան եւ կը կարծեմ, որ այդ հոգեբանական պահը  կարեւոր է: Հոգեբանական բեռը հնարաւորինս պէտք է թեթեւ ըլլայ եւ մեր հաւաքականը պէտք չէ խաղին նկատմամբ վախի որեւէ զգացում ունենայ` ձեզ յայտնի տրամաբանութեան մէջ»,– նշած է ան:

Ատրպէյճանական դիրքապահներու աչքին առջեւ հայր ու որդի կախարդական արքայանարինջ կ’աճեցնեն

Փաշինեանի խօսքով` ի հարկէ, խաղի արդիւնքը շատ կարեւոր է, բայց որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ ան նաեւ պատրաստ է կիսելու իւրաքանչիւր  դառնութիւն մեր հաւաքականին հետ:

«Ի հարկէ, ուրախութիւնը կիսելու կարիք չկայ ալ, բայց դառնութիւնները իմացէք, որ միշտ ալ պատրաստ եմ կիսելու, այնպէս որ շատ կարեւոր է, որ խաղադաշտ մտնելէ առաջ վստահ ըլլաք, որ մեր հանրութիւնը, անձամբ ես ձեր թիկունքին կանգնած ենք: Շատ կարեւոր է, որ խաղի որեւէ հնարաւոր արդիւնք չվախցնէ մեզ, որովհետեւ շատ կարեւոր է դուխով առաջ երթալը եւ մնացածն արդէն առաւել ստեղծագործական մօտեցմամբ յաղթահարել: Յոյս ունիմ, որ խաղի ժամանակ մարզադաշտը լեփ-լեցուն կ’ըլլայ, որովհետեւ օրինակ ինծի համար այդ զգացողութիւնը շատ կարեւոր է ու ինքս ալ ներկայ պիտի ըլլամ»,– ըսած է վարչապետը:

Փաշինեան նուէր ստացած է Հենրիխ Մխիթարեանէն. լուսանկարներ

Ըստ Փաշինեանի` յաղթանակի կարեւոր նախապայմանը պարտուելէ չվախնալն է:

Ինչ իմ աչքով չտեսայ, ձեր աչքերով կը տեսնեմ. Սօս Սարգսեանի երազանքը կատարուեցաւ

«Երբ կը վախնանք պարտուելէ` կարծես փակուղի կը մտնենք, կը վախնանք նաեւ գործելէ: Կարեւոր է չվախնալ պարտուելէն, ատիկա շատ աւելի կը հեշտացնէ հոգեբանական վիճակը եւ կը մնայ ընդամէնը ներդնել բոլոր այն ջանքերը, որոնք հնարաւոր են եւ աւարտին տեսնել, թէ ինչ կը ստացուի»,– ըսած է ան:

Փաշինեան ընդգծած է, որ կը հաւատայ մեր հաւաքականին, բարձր կը գնահատէ եւ կը սիրէ բոլորին, որովհետեւ ֆութպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականը մեր ազգային եւ պետական կարեւորագոյն խորհրդանիշներէն մէկն է:

ՀՖՖ նախագահ Արթուր Վանեցեան շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին ակադեմիա այցելելու, ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներուն հանդիպելու եւ հնչեցուցած գնահատականներուն համար: ՀՖՖ նախագահը հաւաստիացուցած է, որ ազգային հաւաքականին մէջ բարոյահոգեբանական մթնոլորտը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ, տղաներու մարզավիճակը եւս լաւ մակարդակի վրայ է:

Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականն այսօր կը խաղայ Ֆինլանտայի հաւաքականին հետ: