Նոր տօն Հայաստանի մէջ. ապրիլի վերջին շաբաթ օրը կը դառնայ Քաղաքացիի օր

2018թ.-ի ապրիլ–մայիսին քաղաքացիական հասարակութեան մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն հետ կապուած` Հայաստանի կառավարութիւնը նոր տօն կը ստեղծէ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 21 մարտի — Sputnik. Ապրիլ ամսուան  վերջին շաբաթ օրը Հայաստանի մէջ պիտի նշեն որպէս Քաղաքացիի օր:

«Ինքզինքէս ամենամեծ դժգոհը ես եմ». Փաշինեան կրկին անդրադարձաւ անձնակազմի խնդրին

Այդ մասին որոշումն ընդունուեցաւ այսօրուան կառավարութեան նիստին:

«Քաղաքացիի օրը կը նշուի ապրիլի վերջին շաբաթ օրը, նախագիծի ընդունման անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած է 2018 թուականի ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած աննախադէպ քաղաքական իրավիճակով»-, կ’ըսուի կառավարութեան որոշման հիմնաւորման մէջ:

Համապատասխան փոփոխութիւնը կը նախատեսուի ընդունել «Տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին մէջ: