Լիլիթ Յարութիւնեան, Sputnik Արմենիա
Իտալացի Ֆետերիքօ Թարապելլան ծնունդով Մասա Մարիտիմա քաղաքէն է, որ կ’անուանեն Perla della Maremma, այսինքն` «Մարեմի մարգարիտ»: Այս քաղաքի գեղեցկութեամբ անվերջ կարելի է հիանալ: Սակայն Ֆետերիքոն իր երջանկութիւնը գտած է Երեւանի մէջ եւ չի պատրաստուիր հեռանալ այստեղէն: Իտալացին Sputnik Արմենիայի հետ հարցազրոյցին ըսաւ, թէ ինչը ամէնէն շատ կը գնահատէ Հայաստանի մէջ եւ ինչպէս այս երկիրը զինք վերադարձուցած է անցեալի գիրկը:
– Ֆետերիքօ, դուք Հայաստան տեղափոխուած էք Իտալիայէն: Ի՞նչ է այդ որոշման պատճառը:
– Ես Հայաստան տեղափոխուած եմ 2010–ի յունիսին, այդ ժամանակ 27 տարեկան էի: Աւստրալիայէն նոր վերադարձած էի, ուր կը գտնուէի «Work and travel» («Աշխատիր եւ ճանապարհորդիր») ծրագիրով: Անսպասելիօրէն Հայաստանի մէջ աշխատելու հրաւէր ստացայ իտալական ընկերութենէ մը...
Յաջող անցայ հարցազրոյցը եւ քանի մը օր անց արդէն իրերս կը հաւաքէի, որպէսզի թռչիմ Երեւան: Իտալիոյ մէջ ընկերներս ցնցուած էին, բայց ինծի համար շատ հետաքրքիր էր նոր երկիր եւ նոր մշակոյթ բացայայտելը: Աշխատանքի հրաւէրը նոյնպէս բաւական հետաքրքիր էր: Այսպիսով, առանց երկար մտածելու ես տեղափոխուեցայ այստեղ (կը ժպտի):
– Այդ ժամանակ ի՞նչ գիտէիք Հայաստանի մասին:
– Միայն այն, որ Հայաստան նախկին խորհրդային հանրապետութիւն է: Եւ 1915–ի Հայոց ցեղասպանութեան մասին, գիտէի, որ Հայաստան աշխարհի մէջ առաջին քրիստոնէական երկիրն է եւ, ի հարկէ, իմ սիրելի «System Of A Down» խումբի հետ կապը: Բայց ես նոյնիսկ չէի գիտեր, թէ ուր կը գտնուի այս երկիրը:
– Ինչ՞ կ’աշխատէիք Իտալիոյ մէջ:
– Աշխատած եմ տարբեր ոլորտներու մէջ` առեւտուր, շինարարութիւն, առողջութիւն եւ անվտանգութիւն: Համալսարանի մէջ ուսումնասիրած եմ հասարակական գիտութիւններ: Մինչեւ Երեւան տեղափոխուիլս աշխատած եմ Աւստրալիոյ գինեգործական ընկերութեան մէջ:
– Ձեր ընկերոջ հետ միասին (ի դէպ, նոյնպէս իտալացի) այստեղ հիմնած էք շատ իտալական անուանումով ընկերութիւն մը` LeoVinci, որ կը զբաղի շինարարութեամբ եւ ներքին ձեւաւորումով: Հե՞շտ է արդեօք Հայաստանի մէջ գործ վարելը: Ինչպիսի՞ բարդութիւններու բախուած էք:
– Մենք լաւ գիտէինք շուկան, քանի որ երկուքս ալ երկար ժամանակ կ’ապրինք եւ կ’աշխատինք այստեղ, ինչպէս նաեւ գիտենք մարդոց, որոնց կարելի է վստահիլ եւ անոնց հետ համագործակցիլ: Հետեւաբար յաջողեցանք շատ ուժեղ խումբ մը հաւաքել:
Բիւրոկրատական տեսանկիւնէն ամէն ինչ բաւական պարզ էր: Հեշտ չէր նուաճիլ յաճախորդներու վստահութիւնը, որոնցմէ շատերը բաւական վախցած էին, հնարաւոր է` նախկին հիասթափութիւններու պատճառով: Բայց մենք յամառօրէն կ’աշխատինք մեր տրամադրած ծառայութիւններու որակին վրայ եւ հսկայական ուշադրութիւն կը դարձնենք մանրուքներուն, ինչը, ի դէպ, կը տարբերէ մեզ` իտալացիներուս: Տէ իսկ գոհ յաճախորդը նոր յաճախորդներ կը բերէ, իսկ մենք ամէն ինչ կ’ընենք անոնց սպասումներն արդարացնելու համար:
– «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք ի՞նչ փոխուած է գործարարութեան ոլորտին մէջ: Ին՞չ խորհուրդ կու տայիք երիտասարդ սկսնակ գործարարներուն:
– Մենք գործարարութիւն հիմնած ենք յեղափոխութենէն յետոյ:Ատիկա ըրած ենք վստահ ըլլալով, որ աշխատիլ ցանկացող մարդոց համար (այլ ոչ թէ միայն ընտրեալներու) բացուած են նոր հնարաւորութիւններ:
Երիտասարդներուն խորհուրդ կու տամ հետեւիլ իրենց երազանքին եւ ոչ մէկուն թոյլ չտալ խանգարել, շրջապատուիլ դրական մարդոցմով եւ հաւատալ:
– Դուք այստեղ ընտանիք կազմած էք: Ձեր կարծիքով` որքանո՞վ Հայաստանը յարմարաւէտ է ապրելու եւ երեխաներ դաստիարակելու համար:
– Հայաստան ֆանտաստիկ երկիր է: Այստեղ ինչ-որ իւրայատուկ բան կայ: Երբեք չեմ մտածած, որ կը մնամ այստեղ ապրելու, կ’ամուսնանամ եւ երեխայ կ’ունենամ: Այստեղ օդին մէջ ինչ-որ բան կը թեւածէ, որ կը ստիպէ քեզ զգալ ինչպէս տան մէջ, ինչպէս կ’ըսեն`«Սա Երեւանն է, այստեղ դու տանն ես…»: Ընտանիքը շատ ամուր հիմքեր ունի այստեղ: Ինծի կը հիացնեն հայկական ընտանիքէն ներս մարդկային յարաբերութիւնները: Բացի այդ, Հայաստան անվտանգ է երեխաներու համար. ո՛չ առեւանգումներ, ո՛չ թմրանիւթեր:
– Ձեր կինը հայուհի է: Պատմէք` ինչպէս ծանօթացած էք:
– Երբ եկայ Հայաստան, հաճելիօրէն զարմացած էի, թէ որքան գեղեցիկ ու կանացի են այստեղի աղջիկները: Բայց ամուսնութեան մասին չէի մտածեր: Ես նոր սկսած էի աշխատանքս, իսկ ամուսնութեան համար կայունութիւն պէտք է...
Ապագայ կնոջս հետ աշխատած եմ մայրաքաղաքի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ: Ան ղեկավարն էր եւ այնքան լաւ էր, բայց ես չէի կրնար սիրահետել անոր, չէ՞ որ գործընկերներ էինք: Իսկ երբ ան ձգեց այդ աշխատանքը, սկսանք հանդիպիլ, իսկ չորս տարի անց ամուսնացանք:
– Ձեր ընտանիքը կը պահպանէ՞ արդեօք հայկական աւանդոյթները:
– Շատ աւանդապաշտ են կնոջս հայրական ընտանիքը, եւ ատիկա շատ գրաւած է ինծի: Ես ծնունդով երկրէ մըն եմ, որ լրիւ մոռցած է իր արմատները: Հայաստան կարծես անցեալ տեղափոխած է զիս:
– Նկարագրէք, կը խնդրեմ, իտալացիներու եւ հայերու միջեւ տարբերութիւններն ու նմանութիւնները: Այստեղ յարմարիլը հե՞շտ էր:
– Նախ` ըսեմ, որ մենք` իտալացիներս, շատ տարբեր ենք` կախուած տարածաշրջանէն, նահանգէն: Ընդհանուր առմամբ, շատ հետաքրքիր խառնուրդ ենք:
Մեր եւ ձեր ազգերու միջեւ ընդհանրութիւնը խառնուածքն է, տաքարիւնութիւնը: Մենք ալ կը սիրենք աղմկել, բարձրաձայն խօսիլ, խօսելուն ձեռքերն աշխուժօրէն շարժել: Բացի այդ, հայերն ու իտալացիները նման են հիւրընկալութեամբ եւ ստեղծարարութեամբ:
Ես միանգամէն լաւ զգացի այստեղ` չնայած մշակութային տարբերութիւններուն: Նաեւ շատ հաճելի է, որ դուք շատ կը սիրէք Իտալիան (կը ժպտի):
– Ամէնէն շատ ի՞նչ կը սիրէք Հայաստանի մէջ:
– Այստեղ ամէնէն շատ կը սիրեմ անվտանգութիւնը: Հէնց այդ պատճառով շատ կ’ուզեմ, որ որդիս մեծնայ եւ կրթութիւն ստանայ Հայաստանի մէջ` հեռու անպիտան, վնասակար բաներէ: Ես անոր համար մեծ ապագայ կը տեսնեմ եւ հնարաւոր ամէն ինչ կ’ընեմ, որպէսզի անոր երազանքներն իրագործուին:
– Շնորհակալութիւն հետաքրքիր զրոյցի համար, Ֆետերիքօ:
– Ձեզ նոյնպէս շնորհակալութիւն: