Թուրքիոյ իշխանութիւնները, ըստ Էսդուգեանի կրնան խոչընդոտներ ստեղծել թեկնածուներուն համար

Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններուն հիմնական պայքարը կ’ընթանայ Արամ Աթէշեանի ու Սեպուհ Չուլջեանի միջեւ. Բագրատ Էսդուգեան:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 18 մարտի- Sputnik. Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանի խօսքով՝ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններու գործընթացը կը սկսի Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի մահուան քառասունքէն ետք: Tert.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Էսդուգեան:

ԱՄՆ–ի մէջ Մանսուրեանի անուան մրցանակ կու տան` հայկական թեմայով ստեղծագործութեան համար

«Պոլսոյ պատրիարքի աթոռի թեկնածուներուն մէկ մասը նախորդ անգամ հրաժարած էին մասնակցելէ ընտրութիւններուն: Հիմա ալ դժուար է ըսել, թէ  ի’նչ ընթացք կը ստանայ: Մինչեւ թեկնածուներուն առաջադրուիլը, նախ նամակ պէտք է ուղարկուի անոնց՝ պարզելու համար, թէ անոնք պիտի մասնակցի՞ն ընտրութիւններուն: Իսկ մինչ այդ պէտք է Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւններ կատարուին: Կրօնական ժողովը պէտք է տեղապահ ընտրէ, եւ այդ տեղապահը պէտք է կազմակերպէ ընտրութիւնները», ըսած է ան:

Դիտարկելով Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանի թեկնածութիւնը՝ Էսդուգեան նկատեց, որ ան ինքզինք արդէն «մաշած է» վերջին զարգացումներուն ընթացքին: «Բայց ան ալ իր կողմնակիցները ունի», ըսած է  Էսդուգեան:

Խօսելով մէկ այլ հաւանական թեկնածուի՝ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեանի մասին՝ Էսդուգեան նշած է, որ ան խոստումնալից է, եւ  հաւանաբար ան կ’երթայ Պոլիս եւ կը փորձէ հանդիպիլ պոլսեցի իր համակիրներուն հետ:

«Կը Կարծեմ, որ մրցակցութիւնը կ’ըլլայ այս երկուքին միջեւ», ըսած է Էսդուգեան:

Ինչպէս սովետական հին հանրակառքը կը դառնայ հիւրանոց. հայաստանեան հանգիստի նորաձեւութիւնը

Պոլսահայ խմբագիրը նկատեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը փորձեն միջամտել ընտրական գործընթացին, կը փորձեն աջակցիլ իրենց համար ցանկալի թեկնածու Արամ Աթէշեանին: «Բայց ժողովուրդն է, որ պէտք է որոշէ, թէ որուն կ’ուզէ ընտրել», ըսած է  ան:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները, ըստ Էսդուգեանի կրնան խոչընդոտներ, սահմանափակումներ ստեղծել թեկնածուներուն համար, որ կրնայ մեծ աղմուկ առաջացնել: «Կրնան ըսել, որ ընտրութիւններուն կրնան մասնակցիլ միայն Թուրքիոյ մէջ ծնած եւ ծառայած հոգեւորականները: Իսկ ատիկա արդէն հարց է: Եթէ նման բան պարտադրուի, արդէն տեղի ունեցողը ընտրութիւն կարելի չէ անուանել», ըսած է Էսդուգեան:

Հայ համայնքը, ըստ Էսդուգեանի, հիմա պատրիարք ընտրելով՝ կ’ուզէ իր արժանապատուութեան հարցը լուծել:

«Հայու արժանապատուութիւնը բարձր պահող պատրիարք պէտք է ունենանք: Այսինքն՝ կառավարութեան, մամուլին առջեւ հայու արժանապատուութիւնը բարձր պահող պատրիարքի կարիքը ունինք», ըսած է ան: