Հայ բժիշկը Սուրիոյ մէջ ընդգրկուած է ականազերծում կատարող սակրաւորներու խումբին մէջ

Հալէպի մէջ հայ բժիշկները կը կատարեն բարդ վիրահատութիւններ, կը մասնակցին ուսումնասիրութիւններու:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 14 մարտի — Sputnik. Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ ՀՀ մարդասիրական  առաքելութիւն իրականացնող անձնակազմը նախատեսուած ծրագիրին  համաձայն կը  շարունակէ իր գործունէութիւնը:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն ՊՈԱԿ–ի ֆէյսպուքեան էջը:

Կը մեկնարկեն Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները

«Սակրաւորային խումբը մարտ 13-ին մասնակցած է «Ականազերծման տեղամաս, անվտանգութեան կանոններ» թեմայով գործնական պարապմունքին: Այն իրականացուցած են «Հումանիտար ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն»-ի գլխաւոր տեսուչ Արա Մարտիրոսեան եւ Գործողութիւններու բաժինի պետ Արթուր Բլբուլեան: Մէկ բժիշկ ընդգրկուած է  ականազերծում կատարող ինժեներա-սակրաւորային խումբի կազմին մէջ` սակրաւորներու բժշկական ապահովումը, ինչպէս նաեւ առաջին բուժօգնութեան եւ տարհանման դասընթացները կազմակերպելու նպատակով»,–գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Հայաստանէն գացած բժիշկներն իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալեն Հալէպի տարբեր հիւանդանոցներու մէջ, կ՚իրականացնեն հետազօտութիւններ, կը կատարեն վիրահատութիւններ:

Մարդասիրական  առաքելութիւն իրականացնող խումբը իւրաքանչիւր օրուայ աւարտին կ՚ամփոփէ կատարուած աշխատանքները, կը նախանշուին յաջորդ օրուան ընելիքները:

Յիշեցնենք, որ փետրուար 8–ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ 83 հոգիէ բաղկացած մասնագէտներու խումբը մեկնած է Սուրիա: Խումբի կազմին մէջ ներգրաւուած են մարդասիրական ականազերծման մասնագէտներ, բժշկական անձնակազմ եւ մասնագէտներու անվտանգութիւնն ապահովող զօրախումբ: