«Թաքցուած խաչ» ֆիլմը կը պատմէ 1915-ին ու ատկէ ետք Էղիլի մէջ ապրած հայերու ճակատագրին մասին

Թուրքիոյ մէջ իսլամացուած հայերու մասին վաւերագրական ֆիլմ կը նկարահանուի:
Sputnik

ԵՐԵՎԱՆ, 14 մարտի — Sputnik. Ըստ`  Gazetekarınca-ին ermenihaber-ը կը գրէ, որ  «Թաքցուած խաչ» վերնագիրով ֆիլմը կը պատմէ 1915-ին ու ատկէ ետք Էղիլի մէջ ապրած հայերու ճակատագրին մասին` աւելի շատ կեդրոնանալով իսլամացուած հայերու ինքնութեան ճգնաժամի, ցեղասպանութենէն ետք  անոնց կրած հոգեկան խանգարումներու  ու իրենց սերունդներուն պատմած պատմութիւններուն վրայ:

«Սրտանց կը կարեկցիմ հայ ժողովուրդին». Վրաստանի նախագահի գրառումը Յուշամատեանին մէջ

Ֆիլմը, որուն նկարահանումներն աւարտած են օրերս, հանդիսատեսի դատին կը յանձնուի ապրիլին:

«Թաքցուած խաչի» ֆիլմի բեմադրիչներն  են լրագրողներ Ալթան Սանջարն ու Սերհաթ Թեմելը: Ֆիլմի նկարահանումներու ծիրէն ներս հեղինակները հանդիպած ու խօսած են իսլամացուած հայերու 1-ին սերունդը համարուող 75-էն բարձր տարիքի մարդոց, ինչպէս նաեւ անոնց հարազատներուն հետ: Հեղինակները պատմութիւնները լսած են նաեւ իսլամացուած հայերու 2-րդ սերունդէն, որոնց տարիքային խումբը 40-էն բարձր է:

«Թաքցուած խաչ»-ի նկարահանումներն աւարտած են, սակայն դեռեւս պէտք է կատարուին մոնթաժային ու ձայնային աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ֆիլմին համար պէտք է երաժշտութիւն գրուի: Այս բոլոր աշխատանքները աւարտին հասցնելու համար համացանցի վրայ աջակցութեան արշաւ  նախաձեռնուած է:Կը նշուի, որ ֆիլմի երաժշտութիւնը պիտի ձայնագրուի Հայաստանի մէջ:

Արցախի Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն համայնքին մէջ յայտնաբերուած են նորայայտ խաչքարեր

Ֆիլմի հեղինակները իրենց կատարած աշխատանքին նպատակը ներկայացնելու համար հետեւեալ ծանօթագրութիւնը հրապարակած են:

«Անցեալին  հայերուն յատուկ թիթեղագործութեան ու թամբագործութեան արհեստները շրջանի կեդրոնին մէջ այսօր կը ներկայացնեն իսլամացուած հայերու սերունդները: Կ՚ենթադրուի, որ շրջանին մէջ 1915-էն յետոյ իսլամացուած առնուազն 20 տուն կայ: Կը համարուի, որ մնացած հայերը, որոնք կը կազմէին շրջանի բնակչութիւնը, 1915-ին սպաննուած են կամ բռնագաղթեցուած: Յայտնի է, որ իսլամացուած հայերու ազգականները, յատկապէս մօրեղբայրներն ու մօրաքոյրները հեռացած են ԱՄՆ, Հայաստան կամ Սուրիա: Եթէ այսօր նոյնիսկ անոնք ողջ ալ չեն, անոնց երեխաները ողջ են ու տեղեկութիւններ ունին շրջանին մասին:

Յայտնի է, որ Թուրքիոյ մէջ այս իրավիճակին մէջ գտնուող բազմաթիւ բնակավայրեր  եւ հազարաւոր իսլամացուած հայերու ընտանիքներ կան: Այս ինքնութեան հետ ապրիլ ձգտող մարդիկ ո՛չ կրնան հաշտուիլ ամբողջապէս ձուլուելու արդիւնքով իրենց ներսը ապրող նոր ինքնութեան հետ, ո՛չ ալ կրնան վերադառնալ իրենց նախկին հայկական ինքնութեան:

Էղիլի մէջ ապրող իսլամացուած հայերուն մօտ աչքի ինկող առանձնայատկութիւնը այն է, որ  քիչ ջանք չեն թափեր իրենց նախկին ինքնութիւնն իրենց երեխաներուն փոխանցելու համար:

Շրջանի բազմաթիւ ընտանիքներ գիտեն իրենց նախկին ինքնութեան մասին եւ այդ ուղղութեամբ ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն: Բայց պաշտօնական մակարդակով անցեալի բնակչութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ որեւէ աշխատանք չի կատարուիր: Զուտ սուննի իսլամական ինքնութիւնը առաջ մղելով` կ՚անտեսուի շրջանի նախկին ինքնութիւնը` յօգուտ պաշտօնական պատմագրութեան»: