YouTube-ի եւ Google-ի հայկականացումը. Կառավարութիւնը համամիտ է պլոկըրներուն հետ

ՀՀ փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար Յակոբ Արշակեան կ°ողջունէ պլոկըրներու նախաձեռնութիւնն ու կը խոստանայ աջակցիլ վերահաստատման ծրագիրներու իրականացման:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 12 մարտի — Sputnik. ՀՀ կառավարութիւնն աշխատանքային խումբ պիտի ստեղծէ առցանց տեղեկատուական հարթակներու` YouTube-ի, Google-ի հայկականացման հնարաւորութիւնն ուսումնասիրելու ու ատոր աջակցելու համար:

Իրանի քանդակագործութեան մայրը. ինչպէս Լիլիթ Տէրեանը գրաւեց Թեհրանը

Այս մասին այսօր ԱԺ–ին մէջ, լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ՀՀ փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար Յակոբ Արշակեան` անդրադառնալով հայ երիտասարդ պլոկըրներու նախաձեռնութեան:

«Մեր մօտ նախաձեռնողականութիւնը միշտ ողջունուած է, եւ շատ կարեւոր է, որ մեր հանրութիւնը, պլոկըրները, որոնք շահառուն են Youtube-ի հայկականացման, վեր հանեցին խնդիրը: Հոլովակներ  ստեղծած էին, գրագէտ մատուցեցին»,– ըսաւ նախարարը:

Արշակեան խոստացաւ, որ հարցի ուսումնասիրութեան նպատակով աշխատանքային խումբ կը ստեղծուի եւ առաջարկեց հետաքրքրուած անձանց յայտնել իրենց տեսակէտը:

Որովհետեւ կը սիրէ ծովը. նաւատորմերու ապագայ կին նաւապետը կ՚երազէ Հայաստան գալ

Արշակեան չբացառեց, որ այս ոլորտի կանոնակարգումը կը համապատասխանեցուի հարկային բարեփոխուող օրէնսգիրքի պահանջներուն:

«Ատիկա իւրաքանչիւր տնտեսվարողի կը վերաբերի, Հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ  տեղի կþունենան, որմով փոքր գործարարութիւնը պիտի չի հարկուի,-պարզաբանեց Արշակեան:

Նախարարը շեշտեց, որ գործընթացքը պայմանաւորուած է արհեստագիտական ոլորտի զարգացման, Հայաստան աշխարհի քարտէզին վրայ յայտնի դարձնելու, նոր գործարարութեան օրինակներ ստեղծելու հետ, որուն համար կարեւոր նշանակութիւն կրնայ ունենալ նաեւ տեղեկատուական հարթակներու զարգացումն ու հայկականացումը: