Լաուրա Սարգսեան, Sputnik Արմենիա
Նաւապետ չեն դառնար, այլ կը ծնին, նման կարծիքի է Պաթումի պետական ծովային ակադեմիոյ ուսանողուհի Լուսինէ Թամարեանը: Ան 21 տարեկան է եւ երկու բան կ՚երազէ` դառնալ նաւապետ, որ թոյլ կու տայ շրջագայել ամբողջ աշխարհով, եւ այցելել պատմական հայրենիք` Հայաստան:
Լուսինէն Պաթում ծնած հայերու երկրորդ սերունդի ներկայացուցիչ է: Անոր նախնիները Մուշէն հրաշքով փրկուած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ: Հայրը ծնած է արդէն Վրաստանի մէջ, Լուսինէն` նոյնպէս: Երեք տարի առաջ աղջիկը կեանքին մէջ կարեւորագոյն ընտրութիւնը կատարած է` ընդունուած է Պաթումի պետական ծովային ակադեմիոյ ծովային նաւարկութեան բաժանմունքը: Այսօր ան արդէն երրորդ կարգի ուսանողուհի է եւ կը պատրաստուի փորձնական հեռաւոր նաւարկութիւն մը իրականացնել:
«Ծովը միշտ գրաւած է զիս: Մանկութենէս սիրած եմ նայիլ ալիքներուն ու պատկերացուցած եմ, որ օր մը դուրս կու գամ բաց ծով», - ըսաւ Թամարեան Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին:
Պաթումի պետական ծովային ակադեմիոյ ուսանողուհի Լուսինէ Թամարեան` նաւապետի կամրջակին մէջ
Աղջկան երբեք չեն գրաւած կանանց մասնագիտութիւնները, բայց նաւաստի դառնալու որոշումը ան ընդունած է վերջին պահուն:
Քննութիւն յանձնելէ առաջ Լուսինէն մտածած է, որ ատիկա իրեն համար կատարեալ տարբերակ պիտի ըլլայ` հաշուի առնելով ծովի նկատմամբ սէրը: «Մասնագիտութիւնը թոյլ պիտի տայ ինծի աշխատելու, ճանապարհորդելու», - կ՚ըսէ Լուսինէն:
Ի դէպ, ընտանիքն ըմբռնումով մօտեցած է անոր ընտրութեան եւ չէ փորձած հակառակը համոզել աղջկան. հաշտուած են նոյնիսկ անոնք, որոնք չեն սիրած անոր ընտրութիւնը: Լուսինէի հետ մօտ 160 մարդ կ՚ուսանի, խումբին մէջ 25 տղայ կայ եւ մէկ աղջիկ` ինքը:
«Տղաներն ապշած էին, երբ իմացան, որ ես պիտի ուսանիմ իրենց հետ: Հիմա անոնք կը հպարտանան, կը յարգեն իմ ընտրութիւնս եւ ձգտումս», - ըսաւ Լուսինէն:
Հիմա Լուսինէն կը պատրաստուի մեկնիլ հեռաւոր նաւարկութեան` փորձնական: Ան սովորական կը համարէ իր մասնագիտութիւնը, պարզապէս մարդիկ իր որոշումը անսովոր կը կարծեն:
«Ծովին մէջ կարծես ամպերու մէջ ըլլաս: Մենք օդաչուներու նման պէտք է բժշկական քննութիւն անցնենք, հոգեբանօրէն կայուն եւ առաւելագոյնս կեդրոնացած ըլլանք», - կ՚ ըսէ Լուսինէն:
Անոր խօսքով` լաւ նաւաստի դառնալու համար անհրաժեշտ են գիտելիքներ եւ ճարպիկութիւն: Թամարեանի համար ամենաբարդը առաջին անգամ բաց ծով հեռաւոր նաւարկութեան երթալն է: Սակայն աղջիկը չի վհատիր. Լուսինէն իր առջեւ նպատակ դրած է դառնալ նաւատորմերու նաւապետ եւ պատրաստ է 10-15 տարի սպասել երազանքի իրագործման:
Անոր չեն վախցներ ո՛չ փոթորիկը, ո՛չ ալիքները: Հայուհին խորհուրդ կու տայ միւսներուն, որոնք կ՚երազեն ծով դուրս գալ, դադրիլ երազելէ, նպատակ դնել եւ հասնիլ ատոր: Ապագային Լուսինէն անպայման կ՚ այցելէ պատմական հայրենիք` Հայաստան, որպէսզի ծանօթանայ իր արմատներուն: