Ռուբէն Գիւլմիսարեան, Sputnik Արմենիա
Լիլիթ Տէրեանի աշխատանքները Իրանի մէջ կարելի է տեսնել ամէնուր: Ան հեռացած է կեանքէն 88 տարեկանին, հեռացած է նոյնքան խաղաղ ու հանգիստ, ինչպէս եւ ապրած է:
Ան փոքր հասակէն հակուած էր կերպարուեստին: Փլաստիլին, կաւ, մատիտ, ստուարաթուղթ, խեժ...
Դպրոցէն ետք Լիլիթ Տէրեան Թեհրանի մէջ համալսարան ընդունուած է: Ան մէկ տարի կերպարուեստի տեսութիւն ուսումնասիրած է` մանկապատանեկան սիրողական փորձ ունենալով: Մէկ տարի անց ժամանակն եկաւ համատեղելու մեծ հասակին ձեռք բերուած տեսական գիտելիքներն ու փորձնականը նոր, մասնագիտական մակարդակով. թեհրանեան համալսարանի շրջանակը նեղ էր եւ՛ գաղափարապէս, եւ՛ աշխարհագրօրէն: Տէրեան Ֆրանսա կը մեկնի:
Ի հարկէ, Փարիզ. ալ ուր պիտի մեկնի նկարիչը գիտութեան ու ոգեշնչման համար: Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ կերպարուեստի բարձրագոյն դպրոցը Տէրեանին տուաւ այն, ինչ «կեանքի ուղեգիր» կ’անուանեն:
Երեւի Լիլիթ Տէրեան կրնար մնալ Փարիզ, ուր տաղանդաւոր նկարիչը չի կորսուիր: Կ’ըլլային ցուցահանդէսներ, արագ եւրոպական (կամ նոյնիսկ համաշխարհային) ճանաչում, ու եթէ թէկուզ ան կեանքի օրօք դասական չդառնար, ապա սեփական սրահն ու պատկերասրահը կ’ունենար` ամբողջ կեանքին մէջ յաճախորդներ ու հասարակութեան մէջ բարձր կարգավիճակ ապահովելով:
Բայց, այնուամենայնիւ, նախընտրեց վերադառնալ Իրան: 1960 թուականէն Տէրեան դասաւանդած է Թեհրանի տարբեր համալսարաններու, կերպարուեստի քոլեջին մէջ: Իրանի մէջ շատոնց արդէն վարժուած են, որ երիտասարդ քանդակագործները (իսկ, երբեմն, նոյնիսկ գեղանկարիչները) գրեթէ բոլորը Լիլիթ Տէրեանի աշակերտներն են: Ժամանակի ընթացքին զինք սկսած են անուանել «Իրանի ժամանակակից քանդակագործութեան մայր»: Այս տիտղոսն ինքնին յայտնուեցաւ, երբ Թեհրանի հայկական եկեղեցիներէն մէկուն բակին մէջ տեղադրուեցաւ Տէրեանի կերտած Մեսրոպ Մաշտոցի քանդակը:
2007 թուականին իրանական իշխանութիւնը վաստակաւոր քանդակագործին նուիրուած յատուկ երեկոյթ կազմակերպած էր Իմամ Ալի անուան կրօնական արուեստի թանգարանին մէջ: Ատիկա եղաւ քաղաքային քանդակի VI երկամեայէն ետք:
«Ես բաւական փակ մարդ եմ, չեմ սիրեր երկար-բարակ խօսիլ: Աւելի լաւ է արտայայտուիմ գիծով, գոյնով, ձեւով», – ինքն իր մասին կ’ըսէր Լիլիթ Տէրեան: Այդպէս ալ կար:
Տէրեան աջ ու ձախ հարցազրոյցներ չէր տար, նկարահանումներն ալ առանձնակի չէր սիրեր, աւելի լաւ է աշխատանքները նկարահանէք, խորհուրդ կու տար ան լրագրողներուն ու ֆիլմի բեմադրիչներուն:
Ու միեւնոյնն է` ուշադրութեան կեդրոնին մէջ կը մնար: Ատոր հետ կապուած պէտք է հերթական անգամ նշել իրանական իշխանութեան ուշադրութիւնը իրենց երկրին մէջ ապրող ոչ միայն անուանի, այլեւ պարզապէս յայտնի մարդոց հանդէպ:
Այս մասին կը վկայէ իրանական այն պետական պաշտօնեաններու ցանկը, որոնք իրենց պարտքը համարած են ցաւակցութիւն յայտնելու Լիլիթ Տէրեանի հեռանալու կապակցութեամբ: Անոնց շարքին են` Ւրանի ԱԳՆ մամլոյ քարտուղար Պահրամ Քասեմին, Իրանի իսլամական ուղղուածութեան ու մշակոյթի նախարար Մոճթապա Հոսէյնին, այլ ծառայութիւններու ու գերատեսչութիւններու ղեկավարներ:
Նոր Հայաստանի մէջ մշակոյթի նախարարութիւն պիտի չըլլայ, հաւանաբար այդ պատճառով է, որ մեծն քանդակագործի, մեր հայրենակիցի մահուան միայն քանի մը լրատուամիջոցներ անդրադարձած էին:
Թեհրան երթաք, անպայման այցելէք Սուրբ Աստուածամօր ու Սուրբ Թարգմանչաց եկեղեցիներ. սկիզբը բակին մէջ Տէրեանի հեղինակած արձաններուն նայէք, իսկ յետոյ բուն տաճարներուն մէջ մոմեր վառէք: