Յունական «համով», հայկական ոգիով. ինչպէս վանաձորցի ընտանիքը հրուշակարան բացաւ

Յոյնն ու հայը Յունաստանի մէջ նոր մասնագիտութիւն իւրացուցած են, վերադարձած են Վանաձոր եւ այստեղ յաջող գործարարութիւն հիմնած:
Sputnik

Ին՞չ է երջանկութեան համար անհրաժեշտ հայուն կամ յոյնին: Նոյնը, ինչ բոլորին:  Քիչ մը հաց, քիչ մը  աղ իրենց համար եւ շատ քաղցրաւենիք ուրիշներու համար:  Վանաձորցի Գարեգին Մակինեանն ու Ինկա Ռուսիտուն գիտեն այդ մասին:

Գարեգինը բնիկ լոռեցի է,  Պոնտոսի յոյն Ինկան` նոյնպէս: Յոյները այստեղ միշտ  իւրայատուկ եղած են: Գարեգինն ու Ինկան այս ամէնն ապացուցած են ակներեւ ու «համով» ձեւով: Վերադառնալով Յունաստանէն` անոնք Վանաձորի մէջ հրուշակարան բացած են:

– Դուք, հաւանաբար, յունարէն գիտէ՞ք, – կը հարցնեմ Գարեգինին:

Մուսա Լերան դիմադրութիւնը «The Bible in the World»-ի էջերուն վրայ

– Սորվեցուցած  են: Նոյնիսկ եթէ չցանկաս ալ` կը սորվիս, – ժպտելով, կը պատասխանէ ան:

– Ամուսինս կþուզէր հայրենիք վերադառնալ: Սակայն Յունաստանի մէջ ան սորված էր յունական խմորեղէններ պատրաստել: Ես ալ կրնամ, ի հարկէ: Բայց ամուսինս իսկական մասնագէտ  դարձած է, – կ՛աւելցնէ Ինկան:

Անոնք մեկնած էին Յունաստան 2001 թուականին, վերադարձած` 2005-ին: Գարեգինը մասնագիտութեամբ կօշկակար էր, իսկ նոր տեղին մէջ արագ իւրացուց հացթուխի գործը: Ստացուած է յայտնի ռուսական ասացուածքին նման. աշխատանքն ու համբերութիւնն ամէն ինչ կը յաղթահարեն («терпенье и труд все перетрут»):

«Չէ՞ որ մենք` հայերս ամէն ինչ կը սորվինք, ամէն ինչին կը յարմարինք... Տունը ես կօշիկ կը ձեւէի: Իսկ մեկնելէ առաջ սորվեցայ բուլկի թխել. ինչ–որ մէկը յուշած էր», – կþըսէ Գարեգինը:

Յունաստանի մէջ անոր կը թուէր, թէ դեռ հայրենիքի մէջ են: Այստեղ ալ ճիշդ նոյն կերպ կը պահպանեն բարեկամական կապերը, կը գնահատեն ընկերները եւ դռները չեն փակեր հարեւաններու առջեւ:  Եւ ճիշդ նոյն կերպ չփակեցին դուռը նաեւ իրենց առջեւ:

«Հայերուն այնտեղ լաւ կը վերաբերին: Երբ մենք նեղի մէջ էինք` կþօգնէին: Նոյնիսկ լրիւ օտար մարդիկ: Օրինակ, բնակարանի տէրերը, երբ մենք վարձով կþապրէինք», – կը յիշէ ան:

Նոյն վստահութեամբ անոր վերաբերեցան նաեւ աշխատավայրին մէջ:

Երբ տեսան, որ ան լաւ գործ կ՛ընէ, փուռի տէրերը զինք արտադրութեան ղեկավար նշանակեցին: Արգելք չէր, այն որ լեզուին ան կատարեալ չէր տիրապետեր:

«Պրազիլական դիմակահանդէսը լաւ PR եղաւ Հայաստանի համար». Սիպիլ

«Կատարեալ չէր... մեծ խօսք է: Երկու ամիս չէր անցած, իսկ ինծի արտադրամասի ղեկավար կը նշանակեն: Այն ժամանակ ես մօտաւորապէս այսպէս կը խօսէի. «դուն: տուր: ինծի: ջուր»: Կամ «բեր: Ինծի: աղ»: Սակայն կը վստահէին... Այնուհետեւ խոշոր հացի գործարանի մէջ հերթափոխի ղեկավար էի: Այն ամբողջ շրջակայքին հաց կը մատակարարէր», – կը յիշէ Գարեգինը:

Այսօր Վանաձորի մէջ ինք Ինկայի հետ վարպետօրէն եւ՛ քաղցրաւենիք, եւ՛ չիփսեր, եւ՛ «Եիրոս» կը պատրաստէ: Այսպէս, յունարէն արտասանութեամբ, ան կը խօսի մեզի յայտնի կիրոսի (շաուրմայի յունական տարբերակը) մասին:

«Եիրոս»–ն ու թխուածքները ստիպուած էին քիչ մը յարմարցնել տեղի պայմաններուն: Հայկականին անոնք ամէն պարագայի նման չեն: Յոյները կը սիրեն, որ աղանդերը շաքարի օշարակով լի ըլլան: Հայաստանի մէջ կը սիրեն, որ այդքան քաղցր չըլլայ, կը բացատրէ Գարեգինը: Շարք մը այլ նրբութիւններ եւս կան:

«Որոշ բաղադրիչներ ստիպուած եղանք փոխարինելու, որպէսզի մեր վանաձորցիները կարենան գնել: Չէ՞ որ այստեղ միլիոնատէրեր չեն ապրիր», – կ՛ըսէ Գարեգինը:

Նախկին արդիւնաբերական կեդրոնին՝ Վանաձորի մէջ այսօր աշխատանք այդքան ալ հեշտ չէ գտնելը: Ան վերադարձած է, որպէսզի այստեղ գոնէ  քանի մը աշխատատեղ եւ  քիչ մըն ալ հարկեր աւելնան:

Սակայն Յունաստանի հետ անոր կապերը նախկինին պէս ամուր են: Այլ կերպ ըլլալ  չէր կրնար: Նոյնիսկ այն քաղաքը, ուր ան որոշ ժամանակ աշխատած է, գրեթէ այսօրուայ Գիւմրիի, նախկին Ալեքսանտրափոլի անուանակիցն էր:

Էրզրումի նահանգի հայկական Օշավանք եկեղեցին կը վերակառուցուի զբօսաշրջային նպատակներով

Ալեքսանտրուփոլիսի մէջ ալ Գարեգինը՝ իր կեանքը դէպի լաւը կը փոխէր, ուժերուն ներածին չափով: Ան փուռի մէջ կþաշխատէր, այն բաց էր նաեւ շաբաթ եւ կիրակի օրերուն (միւսներէն շատերը կը փակուէին շաբաթ կէսօրէ ետք): Սակայն ազնիւ մարդոց համար հաց թխելն ափսոս չէ, համոզուած է ան:

«Ալեքսանտրուփոլիսը Թրաքիոյ մէջ է, Թուրքիոյ  սահմանէն քիչ հեռու: Այնտեղ թուրքերը երթալով կը շատնային: Կան նաեւ սովորական, ազնիւ մարդիկ: Սակայն, այսպէս ըսենք, տարբեր մարդիկ կան: Այդ պատճառով ալ` երբ Յունաստան կը հրաւիրէին Պոնտոսի յոյներուն, հէնց այդ կողմերը կը բնակեցնէին: Եւ ատիկա ի զուր չէր: Պոնտոսցիները հանգիստ մարդիկ են, բայց աւելի լաւ կþըլլայ անոնց հունէ չհանես: Տէ, մենք` լոռեցիներս ալ, գրեթէ այդպիսին ենք: Այդ պատճառով ալ թուրքերը հանդարտ էին: Այնպէս որ շատ բան  փոխուած է», – կը յիշէ Գարեգինը:

Յունաստանի մէջ ան ոչ միայն նոր արհեստ ձեռք բերաւ, այլեւ ընկերներ: Անոնք մինչ օրս կապ կը պահպանեն եւ կը զանգահարեն իրար:

«Փուռի սեփականատիրոջ եղբայրը ինծի մեծ եղբօր պէս էր: Շատ խորհուրդներ  կու տար, կապուած աշխատանքի հետ եւ ոչ միայն: Այդ պատճառով ալ կþուզեմ, որ իրենց երկիրը նոյնպէս բարի խօսքով յիշեն: Եւ՛ տեղացիներուն, եւ՛ օտարերկրացիներուն, երբ անոնք կը մտնեն մեր մօտ, մենք Յունաստանի մասին կը պատմենք», – կþըսէ Գարեգինը:

Ինչու կարճահասակները կու գան Երեւան, կամ ինչպէս Միրզոյեան երջանկացուց ճափոնցին

Իսկական յունական քաղցրաւենիքներով անոնք զարմացուցին նաեւ «մեր հիւրերը արեւոտ Դիլիջանով», ուր  միջազգային դպրոց կը գործէ աշխարհի տարբեր ծայրերէ ժամանած աշակերտներով եւ ուսուցիչներով:  Պարզուեցաւ, որ ուսուցիչներու շարքին մէջ նաեւ յոյներ կան: Այժմ անոնք մեծ հաճոյքով երբեմն Վանաձոր կþերթան` իրենց պոնտոսցի ազգականներուն (ի դէպ բիւզանդական յունարէնը պահպանողներու) քաղաքը:

Ինկա Ռուսիտուն (Ռուսովան) չի մոռնար պոնտական յունարէնը, հիանալի կը տիրապետէ նոր յունարէնին, հայերէն ալ կը խօսի հայուհիի պէս: Գարեգինը լաւ կը խօսի նոր յունարէնով: Իսկ երեխաները...

«Երեխաներն արդէն 14 տարի է, որ այստեղ են: Անոնց այստեղ կը պահեմ: Ուժերուս ներածին չափով կը համոզեմ, որ ամէն ինչ լաւ կþըլլայ: Իսկ յունարէնը չեն մոռցած, ոչ: Կը շփուին ընկերներու եւ մօր հարազատներուն հետ», – կþըսէ Գարեգինը:

Պետական աջակցմամբ (Փոքր եւ միջին գործարարութեան աջակցման կազմակերպութիւններ) ընտանեկան այս գործը խորհրդատուութիւն  ստացած է, որ օգնած է անոնց աշխատանքի մէջ: Իսկ գլխաւոր խորհուրդը, որ անոնք պատրաստ են անձամբ կիսելու, այն է. մի՛ կորսնցնէք հին կապերը եւ կը գտնէք նորերը: