«Պրազիլական դիմակահանդէսը լաւ PR եղաւ Հայաստանի համար». Սիպիլ

Սան Փաուլոյի մէջ Հայաստանի մշակոյթը ներկայացնող հիասքանչ շքերթ մը տեղի ունեցած է պրազիլական դիմակահանդէսի ժամանակ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 4 մարտի — Sputnik. 2019 թուականի փառատօնի ծիրէն ներս կազմակերպուած շքերթին, «Viva Hayastan» անունը կրող ներկայացումը  քանի մը բաժինէ բաղկացած էր:  Սկիզբը սամպայի երաժշտութեան  վրայ կը յայտնուին պարողներ վառ զգեստներով եւ թմբուկներով, որոնց վրայ հայկական զինանշանը պատկերուած է:

Այնուհետեւ  այլ հարթակ մը կը յայտնուի, որ կը մարմնաւորէր Հայաստանի հերոսներու դարը: Երկու կողմէ հարթակը կը զարդարէին Հայկ Նահապետի (հայ ժողովուրդի նախահայրը) հսկայական քանդակները: Փառատօնին ներկայացուած է նաեւ Հայկական եկեղեցւոյ հայրերով եւ կիսամերկ Ադամն եւ Եւան պատկերող դրախտային ժամանակներով պաստառ մը: Աւելի ուշ մասնակիցները գունագեղ տարազներով եւ հայկական դրօշներով ու զինանշաններով ներկայացուցած են հայկական այբուբենը:

Կառավարութիւնը լուծարեց «Հայրենիք-սփիւռք կեդրոնը»

«Sociedade Rosas de Ouro» սամպայի դպրոցի աշակերտները ելոյթի ժամանակ ներկայացուցած են պարերու աւելի քան 2300 տարր: Անոնց զգեստներուն մէջ կը գերիշխէին երկնագոյն, վարդագոյն եւ սպիտակ գոյները:

Դիմակահանդէսին ժամանակ, 65 վայրկեաննոց շոու ծրագիրով Հայաստանի մշակոյթը, կենցաղը եւ հարուստ պատմութիւնը ներկայացնելու գաղափարը կը պատկանի Սան Փաուլույի մէջ գործող Sociedade Rosas de Ouro սամպայի դպրոցի ներկայացուցիչներ Անտրէ Մաշատին ու Անժէլինա Պազիլիուին: Այս մասին անոնք Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին պատմած էին հոկտեմբերի վերջը:

Երգչուհի Սիպիլը պաշտօնապէս հրաւիրուած էր Պրազիլի մէջ իրականացուող դիմակահանդէսին: Ան եղած է կառքին վրայ, որ գլխաւորած է հայկական շքերթը: Սիպիլը Պրազիլէն դուրս ապրող առաջին հայն էր, որ պաշտօնապէս մասնակցած է դիմակահանդէսին:

Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին ըսաւ երգչուհին, որ «Ինծի համար շատ յուզիչ է գտնուիլ Պրազիլի մէջ, մասնակցիլ դիմակահանդէսին եւ գլխաւորել հայկական կառքը: Հազարաւոր մարդիկ հայկական տարազներով  կը վանկարկեն` Կեցցէ Հայաստանը»:

Էրզրումի նահանգի հայկական Օշավանք եկեղեցին կը վերակառուցուի զբօսաշրջային նպատակներով

Սիպիլ աւելցուց, որ «30-40 հազարէն աւելի բազմութիւն կար, 5 կառքեր կային ես մշակոյթին՝ Արամ Խաչատուրեանի եւ Շառլ Ազնաւուրի նուիրուած կառքին մէջն էի, ուզեցի գեղեցիկ ըլլալ, լաւ ներկայացնել բոլոր հայերը, ազգային, ժողովրդական տարազներ կային, բայց ես՝ Սիպիլ ըլլալով ուզեցի իմ ոճիս մէջ մնալ, եւ  ուզեցի ձեւաւորողները հայ ըլլային»:

Իսկ պրազիլցի հանդիսատեսի տպաւորութիւններուն մասին, Սիպիլ նշեց, որ «Հայկական տարազներու մասնիկներ կային հինգ մասէ բաղկացած շքերթին, դրօշներ, նաեւ ներկայացուած է հայոց պատմութիւնը Նոյեան Տապանէն մինչեւ  Արարատ լեռը.. Սիպիլ ընդգծեց,  որ ասիկա լաւ առիթ էր, որ  անգամ մը եւս ամբողջ աշխարհի մէջ լսեն Հայաստանի անունը․ 140 երկիր ուղիղ եթերով հետեւած է դիմակահանդէսին եւ մէկ ժամ շարունակ լսած՝ յատուկ այս առիթով հայութեան  մասին գրուած երգ,  սկսած Նոյէն մինչեւ Շառլ Ազնաւուր: Սիպիլի կարծիքով, այս բոլորը շատ լաւ  PR եղաւ Հայաստանի եւ աշխարհի հայութեան համար:

Պրազիլական դիմակահանդէսը` Պրազիլի մէջ ամէն տարի տեղի ունեցող փառատօն է, որ տեղի կ’ունենայ  Զատկէն 40 օր առաջ եւ կ’ազդարարէ Մեծ պահքի սկիզբը: Մեծ պահքի ժամանակ կաթոլիկները պէտք է զերծ մնան բոլոր մարմնական հաճոյքներէ, մասնաւորապէս` միս ուտելէն: Դիմակահանդէսը, որուն ծագումը հեթանոսական սատուռնատօներէն  (արքայական ցեղ) է, միսէն  հրաժարելու  գործընթացք համարուած է: