ԵՐԵՒԱՆ, 5 մարտի - Sputnik. Թուրքիոյ մէջ քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» երեսփոխան Կարօ Փայլան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրառում մը կատարած է, որ գրաւոր հարցապնդում ուղարկած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին` հայ մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի` Կարսի մէջ գտնուող տան քանդման առնչութեամբ: Փայլան թուրք նախարարին ուղղած է 5 հարց, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.
-Մտածած էք արդեօք այն յուսախաբութեան եւ վիրաւորանքի մասին, որ կրնայ Չարենցի տան փլուզումէն յետոյ յառաջանալ բանաստեղծի յիշատակը յարգող մարդոց մէջ:
-Չարենցի տան փլուզման որոշումը որ հաստատութեա՞ն կողմէ կայացուած է: Ձեր նախարարութիւնը տեղեակ եղա՞ծ է:
-Որոնք են այն շօշափելի քայլերը՞, որ նախարարութիւնը կ՛իրականացնէ ըստ արժանուոյն արժեւորելու եւ որպէս մշակութային ժառանգութիւն պահպանելու յիշողութեան այն վայրերը, որոնք կ՛առնչուին հայ արուեստագէտներուն եւ մտաւորականներուն:
-Չարենցի տունը կրնայ դառնալ հայկական մշակոյթի եւ Կարսի համար յիշողութեան կարեւոր վայր: Տան վերանորոգման եւ որպէս թանգարան օգտագործման ուղղութեամբ նախագիծ պատրաստա՞ծ է նախարարութիւնը:
-Կ'ենթադրեմ, որ յիշողութեան այս վայրը քանդուած է Չարենցի հայ ըլլալու պատճառով: Համամիտ է՞ք:
Յիշեցնենք, որ փետրուար 27-ին տեղեկութիւն մը տարածուած էր, որ Կարս քաղաքին մէջ դեռեւս անհասկնալի պայմաններու մէջ քանդուած է այն շինութիւնը, որ աւանդաբար համարուած է հայ մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի տունը: