Ես գրեթէ ամէն ինչ ունիմ. մանկատան սանը չի բողոքեր, այլ կը պայքարի յաղթելու համար

Սփիւռքի մեր սիրելի ընթերցողներ, Sputnik Արմենիան նախաձեռնած է իր հրապարակումները մատուցել արեւմտահայերէնով եւս, որպէսզի աշխարհաբարի արեւմտեան ճիւղի կրողներուն համար աւելի մատչելի դառնան մեր նիւթերը: Կը սպասենք Ձեր արձագանգին: Կը յուսանք, որ մեր միջեւ հաստատուած անմիջական կապը մեզ կը մղէ աւելի հետաքրքրական նիւթեր ներկայացնելու Ձեզի:
Sputnik

Լիլիթ Յարութիւնեան, Sputnik Արմենիա

Կ’ըսուի, թէ ինչպէս  որ  դիմաւորես Նոր Տարին, այդպէս ալ կ’անցընես զայն:

Հայաստանի հիւսիսային մայրաքաղաքի մանկատուներէն մէկուն սանին համար 2019-ը սկսած է յաղթանակով:

Ալեքսանդրան Յունուարի 8-ին դարձաւ 14 տարեկան: Աղջիկը ինք իրեն նուէր առած է ծննդեան օրուան առթիւ՝ տիրանալով հերթական ոսկի մետալին: Յունուարի 11-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ծանրամարտի Հայաստանի առաջնութիւնը: Այո՛, այո՛, Սաշան ծանրամարտիկ է, իսկ վերջին պարգեւը չորրորդ ոսկի մետալն էր, որուն տիրացաւ կէս տարուան մարզումներուն շնորհիւ: Ան իր քրոջ եւ եղբօր հետ կը բնակի  Գիւմրիի «Թռչունեան տուն» մանկատան մէջ:

Ես գրեթէ ամէն ինչ ունիմ. մանկատան սանը չի բողոքեր, այլ կը պայքարի յաղթելու համար

– Մինչեւ մարմնամարզով տարուիլս՝զբաղած եմ երաժշտութեամբ, նուագած եմ դաշնամուր, բայց հիմա ծանրամարտի մէջ կը տեսնեմ ինքզինքս, – կ’ըսէ աղջիկը:

Այս ոչ կանացի գործին մէջ Սաշան մղողը եղած է իր աւագ քոյրը՝ Տանիան, որ, ի դէպ, ութ անգամ բարձրացած է պատուանդանի ամենաբարձր աստիճանին, իսկ Իտալիոյ մէջ երեսուն երկիրներու ներկայացուցիչներու շարքին  գրաւած է 11-րդ հորիզոնականը:

Յայտնի մարզիկ Նազիկ Աւդալեանը օրինակ է Ալեքսանդրայի համար: Ատիկա գուշակելը բարդ չէ. նշանաւոր ծանրամարտիկի լուսանկարները կը զարդարեն աղջկան մահճակալին պատը. անոնց կողքին են նաեւ Սաշային ստացած պարգեւներն ու մետալները:

– Սաշան քանի մը անգամ արժանացած է նաեւ արծաթի, իսկ իմ բոլոր մետալներս ոսկի են: Նազիկ Աւդալեանը զիս իր քով հարաւիրած է: Կը տեսնէք, մենք միասին լուսանկար ունինք, – կատակով կ’ըսէ Տանիան:

Ան ուժեղ մատներով արագ-արագ կը թերթատէ ալպոմի էջերը եւ հաճոյքով ցոյց կու տայ այն լուսանկարը, ուր պատկերուած է բազմակի ախոյեանուհին:Այսուհանդերձ, 17-ամեայ Տանիան մէջքի խնդիրներու պատճառով ստիպուած է լքելու ծանրամարտը: Շատերը փայլուն վերելք  կանխատեսած էին անոր այս նախասիրութեան մէջ: Հիմա ան կը զբաղի ձեռագործով եւ կը նկարէ:

Ես գրեթէ ամէն ինչ ունիմ. մանկատան սանը չի բողոքեր, այլ կը պայքարի յաղթելու համար

– Իսկ ես կ’ուզեմ նմանիլ մարզիչիս՝ Քրիստինային: Ես շատ կը սիրեմ զինք: Մինչեւ ինծի չբարկանայ՝ չեմ կրնար կեդրոնանալ ,– ժպտալով կը խոստովանի Սաշան։

Հարցումին, թէ ամէնէն շատ ի՛նչ կ’ուզէր ունենալ, Սաշան մանկական անմիջականութեամբ եւ անկեղծ ժպիտով կը պատասխանէ.

– Ես գրեթէ ամէն ինչ ունիմ։

Յետոյ, քիչ մը մտածելով, կ’աւելցնէ.

– Եթէ կարողանամ յաղթելԵւրոպայի եւ աշխարհի մրցումներուն՝ ես իմ տունս կ’ունենամ, մեքենաս, դրամ: Այդ ատեն վստահաբար ամէն ինչ լաւ կ’ըլլայ։

Աղջիկը նուաճել կը ձգտի ո՛չ միայն իր երկրի մրցասպարէզները, այլեւ՝ Եւրոպայի եւ աշխարհի: Կը փափաքի ապրիլ իր հայրենի քաղաքին մէջ, ընկերներուն եւ մտերիմներուն հետ:

«Թռչունեան տուն» մանկատան եւ կրթական կեդրոնի տնօրէն Սոնիա Սիմոնեանը Sputnik Արմենիայի թղթակիցին ըսաւ, որ իրենք հաստատ յոյսեր ունին Սաշային վրայ:

– Ան կարճ ժամանակի մէջ լաւ արդիւնքներու հասաւ: Ալեքսանդրան կրնայ շատ բաներու հասնիլ այս ասպարէզին մէջ,– կը կարծէ  Սիմոնեանը։

Ես գրեթէ ամէն ինչ ունիմ. մանկատան սանը չի բողոքեր, այլ կը պայքարի յաղթելու համար

Սաշան «Թռչունեան տուն» բերուած է մանկութեան։ Հաստատության տնօրէն Սոնիա Սիմոնեանի խօսքով` ան մէկ տարեկան ալ չկար։

– Աղջիկները մեզի բերած են Ռուսիայէն, Ռոստովի շրջանէն, անոնք այնտեղ ծնած են: Ծնողներէն ոչ ոք կ’ընկերանար անոնց:  «Հայր» սիւնակը մինչեւ հիմա բաց է։ Մայրը Ռուսիա կ’ապրի։ 13-14 տարուան ընթացքին միայն մէկ անգամ եկած է. քանի մը տարի առաջ էր: Անկէ ետք ոչ ոք  այցելութեան եկած է անոնց քով ,– կ’ըսէ ան։

Տնօրէնը յայտնեց, որ աղջիկներուն մայրը գիւմրեցի է. այդ պատճառով ալ փոքրիկները բերուած են Գիւմրի: Բայց անոնց ազգականներէն ոչ ոք կը բնակի Գիւմրի:

Տարին լաւ սկսած է ծանրամարտի համար: Եթէ յաջողութիւնը ուղեկցի Սաշային,  եւ ան կարողանայ Հայաստանի առաջնութեան երկու խաղերուն գրաւել առաջին տեղը, գիւմրեցի մարզիկը այնուհետեւ կրնայ ներկայացնել իր երկիրը արդէն համաշխարհային մրցաբեմերուն վրայ: