Հայաստանի մէջ ճաշարան մը բացուած է, ուր մատուցողները թոշակառու կանայք են. լուսանկարներ

Персонал ресторана Песня старых дней
Ճաշարանի զարդարանքն անցած-գացած ժամանակները կը յիշեցնէ` լամպային հեռուստացոյց, հին գոյք... Եւ ասիկա դեռ ամէնը չէ, ինչով կը զարմացնէ այցելուներուն Էջմիածնի ճաշարաններէն մէկը: Այստեղ հարահրոց չկայ, դմփդմփացող «երաժշտութիւն»` նոյնպէս, իսկ երիտասարդ աղջիկներու փոխարէն կը սպասարկեն ժպտադէմ տատիկներ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 24 յունիսի – Sputnik, Լաուրա Սարգսեան. Խոհանոցէն սպասքի չխչխկոցի եւ հոսող ջուրի ձայն կու գայ, գազօճախի մօտ եռուզեռ է: Հէնց այսպէս կը սկսի այժմ 67 տարեկան Սուսաննա Օհանջանեանի աշխատանքային օրը: Ան արդէն քանի մը օր է, որ պաշտօնապէս կ’աշխատի Հայաստանի առաջին ճաշարանին մէջ, որ աշխատանքի կ’ընդունի թոշակառուներուն:

Детское насилие
Ամօթի ու վախի արանքին մէջ. ինչո՞ւ  ծնողներն ու երեխաները կը լռեն սեռական բռնութեան մասին

Ճաշարանը Էջմիածնի մէջ բացուած է երեքշաբթի եւ անմիջապէս մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է ինչպէս տեղի բնակիչներուն մօտ, այնպէս ալ` զբօսաշրջիկներուն: Բոլորին հետաքրքիր է, թէ ինչպէս կ’ըլլայ, երբ կ’այցելես ճաշարան, ուր ամէն ինչ տնական է:

Սուսաննա տատիկին հետ հանդիպեցանք ճաշարանի խոհանոցին մէջ: Ան շփոթած ներողութիւն խնդրեց թափթփածութեան համար. հէնց նոր այցելուներու մեծ խումբ ճանապարհած էին եւ կը պատրաստուէին նորը ընդելունելու:

«Տեսայ յայտարարութիւնը, եկայ աշխատանքի տեղաւորուելու, անցայ փորձաշրջանը եւ ընդունուեցայ աշխատանքի որպէս խոհարարի օգնական», – Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին պատմեց Սուսաննան:

Հայաստանի մէջ ճաշարան մը բացուած է, ուր մատուցողները թոշակառու կանայք են. լուսանկարներ
Հայաստանի մէջ ճաշարան մը բացուած է, ուր մատուցողները թոշակառու կանայք են. լուսանկարներ

Անոր համար աշխատանքի ընդունուիլը հաճելի անակնկալ էր. այսօր նոյնիսկ երիտասարդները կը դժուարանան աշխատանք գտնել:

Հանրապետական անձաւաբուժական կեդրոնը կը բուժէ շնչուղիներու հիւանդութիւնը, դիւրազգացութիւնը

Աշխատանքային օրը կը սկսի առաւօտեան 9-էն, կ’աւարտուի` 18.00–ին: Մէկ ժամ յատկացուած է ընդմիջման համար, որուն ժամանակ աշխատակիցները սուրճ կը խմեն եւ կը զրուցեն, ուժ կը կուտակեն օրուայ երկրորդ կէսին համար:

Տիկին Սուսաննան խոստովանեցաւ, որ տունը նստիլ չի կրնար. երկար տարիներ աշխատած է մեքենաշինութեան գործարանի մէջ եւ վարժուած է աշխատանքի երթալու: Սակայն կրճատման տակ ինկած է, իսկ յետոյ արդէն եկած է թոշակի անցնելու ժամանակը:

Մեզի հետ զրոյցի կը բռնուի նաեւ ճաշարանի ուրիշ աշխատող մը` 65-ամեայ Շուշանիկ Պետրոսեանը: Ան կը պատմէ, որ այս վայրը իրեն եւ միւս թոշակառուներուն ստիպած է կրկին հաւատալ սեփական ուժերուն:

«Մենք կը հասկնանք, որ դեռ ամէն ինչ վերջացած չէ եւ կրնանք աշխատիլ: Չես գիտեր ինչու, թոշակառուներուն բոլորը կը մոռնան, կը կարծեն, որ մեր ժամանակն անցած է», – դառնութեամբ կ’ըսէ ան:

Հայաստանի մէջ ճաշարան մը բացուած է, ուր մատուցողները թոշակառու կանայք են. լուսանկարներ

Շուշան տատը ճաշարանի սեփականատէրերուն հետ ծանօթացած է քանի մը տարի առաջ: Այստեղ ան նկարչութեան կը բերէր թոռնուհին. ճաշարանը բացուած է համալիրի մը տարածքին մէջ, ուր հիւրանոց կայ, թանգարան, խմբակներ` անապահով ընտանիքներու եւ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներու համար:

Հայերը կը սիրեն չափազանցել ու հանգստանալ, կամ ի՞նչ գիտենք Երեւանի «մեռեալ ծովի» մասին

«Հերթական հանդիպման ժամանակ կատակով հարցուցի ղեկավարութեան` արդեօ՞ք թոշակառուներուն աշխատանքի չեն ընդունիր: Այսպէս տեղեկացայ նախագիծին մասին: Յետոյ աշխատանքի տեղաւորուեցայ որպէս մատուցողուհի», – ըսաւ ան:

Շուշան տատը ատոր համար միայն ուրախ է` աշխատավարձը լաւ լրացում է կենսաթոշակին:

Այստեղ մատուցողուհի կ’աշխատի նաեւ 67-ամեայ Ռիմա Ղազարեանը: 25 տարուայ աշխատանքային փորձէն ետք անոր դժուար էր ձեռքերը ծալած նստիլ: Կինը փորձած է աշխատանքի ընդունուիլ, սակայն ամէն տեղ մերժած են` «տարիքն այն չէ», «մեզի յարմար չէ ան», «թող երթայ թոռները պահէ»:

«Հիմա մեր կեանքն իմաստով լեցուեցաւ: Բնականաբար, կը յոգնինք: Բայց չէ՞ որ երիտասարդներն ալ կը յոգնին աշխատավայրին մէջ: Իսկ աշխատանքային եռուզեռին մէջ ատիկա չես զգար: Ամէն առաւօտ այստեղ կու գանք նոր ուժերով», – վստահեցուց Ղազարեան:

Հայաստանի մէջ ճաշարան մը բացուած է, ուր մատուցողները թոշակառու կանայք են. լուսանկարներ

Ճաշարանը մասնագիտացած է հայկական աւանդական խոհանոցի ուղղութեամբ: Տատիկները հայկական բաղադրատոմսերու գաղտնիքները հաճոյքով կը պատմեն այցելուներուն: Ճաշացանկին վրայ շատ են հայկական ուտեսները` «թաւա քիւֆթա»-էն մինչեւ տոլմա եւ քրջիկ: Այստեղ մտադիր են պատրաստել նաեւ աշխարհի ամենահին ուտեստը, որուն մասին ժամանակին ճաշարանին ղեկավարը կարդացած է հայ հին գրականութեան ստեղծագործութիւններէն մէկուն մէջ:

Ճաշարանի հիմնադիր Գրիգոր Մաչանենց–Բաբախանեանի խօսքով` բաղադրատոմսը շատ պարզ է. միսի տապկուած կտորներ փոքր կաւէ ամանի մէջ:

Հարցին, թէ ինչպէս ծնաւ նման ճաշարան բանալու գաղափարը, Գրիգորը պատասխանեց, որ կ’ուզէր լուծել աւագ սերունդի հայրենակիցներու աշխատանքի խնդիրը, ինչպէս նաեւ օրինակ ծառայել միւսներուն:

Հայաստանի մէջ ճաշարան մը բացուած է, ուր մատուցողները թոշակառու կանայք են. լուսանկարներ

«Ընդհանուր առմամբ մենք կը կարենանք աշխատանքի վերցնել 10 հոգի: Միակ բանը, ինչ կը պահանջենք մեր աշխատակիցներէն, իրենց զգալ ինչպէս տան մէջ, այցելուներուն ալ ընդունիլ այնպէս, ինչպէս սեփական տան մէջ կ’ընդունէին: Չի կարելի հրաժարիլ մեծահասակ աշխատուժէն: Անոնք ոչ միայն յատուկ եռանգ կը հաղորդեն հաստատութեան,այլեւ իմաստութիւն կը սորվեցնեն այցելուներուն: Իսկ որքան հաճելի է անոնց համար լսել` մայրիկ, խնդրեմ` հաշիւը կը բերէք», – ըսաւ ան:

Իսկ քանի դեռ անձնակազմը ամբողջութեամբ չէ համալրուած, երեք կանանց կ’օգնեն ամառնային սրճարանի երիտասարդ աշխատակիցները:

Հայաստանի մէջ ճաշարան մը բացուած է, ուր մատուցողները թոշակառու կանայք են. լուսանկարներ