Սուրիահայ արուեստագէտ Գէորգ Մուրատը Բաբելոնի վեց մեթրանոց քանդակ մը կը ստեղծէ

Մուրատ կ’ուսումնասիրէ Բաբելոնի պատմութիւնը, օգտագործելով տեսողական պատկերներ, որպէս տարբեր լեզուներով բաժնուած մարդկութիւնը կապելու միջոց:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 19 յունիսի-Sputnik. Սուրիահայ նկարիչ Գէորգ Մուրատ իր յառաջիկայ ցուցահանդէսին  պիտի ստեղծէ  վեց մեթրանոց կախովի քանդակ: Այս մասին կը յայտնէ «London Resident» կայքը:

«Երբ Բաբելոնը կը բաժնուի, տեսողական արուեստը կը կապուի», - կ’ըսէ սուրիահայ արուեստագէտ  Գէորգ Մուրատը, որ այս  ամառ կը մեկնարկէ իր «Տեսնել Բաբելոնի միջով» անհատական ցուցահանդէսը, Իսմայիլի կեդրոնէն ներս, South Kensington- ի մէջ: 

Արտառոց գեղեցկութիւն. հայ նկարչուհին զարդարած է Քոնթարինի պալատը. լուսանկարներ

Ցուցահանդէսը, որ կը կայանայ յուլիս 1-էն մինչեւ օգոստոս 15, տեղի կ’ունենայ համագործակցելով Թորոնթոյի մէջ գտնուող Ակա Խան թանգարանին հետ

Բաբելոնի Հին Կտակարանի պատմութեան մէջ մարդկութիւնը կը պատժուի դէպի երկինք աշտարակ կառուցելու փորձ կատարելու համար, այս ամբարտաւան արարքին պատճառով,  Աստուած բազմաթիւ լեզուներ կը ստեղծէ, որպէսզի կանխէ նման դաւադրութիւնները:

Մուրատ կ’ուսումնասիրէ Բաբելոնի պատմութիւնը, օգտագործելով տեսողական պատկերներ, որպէս տարբեր լեզուներով բաժնուած մարդկութիւնը  կապելու միջոց:

Գէորգ Մուրատ ցուցահանդէսի  բացումէն առաջ կը ստեղծէ վեց մեթր կախովի քանդակ:

Գործը, որուն մէջ կ’օգտագործուի  արուեստագէտի յատուկ  տեխնիկան, մակերեսի վրայ նկարելը, նախատեսուած է թոյլատրել այցելուները  շրջելու ատոր շուրջ, մօտէն  ծանօթանալու  իր թեմաներուն:

«Ես յաճախ կը մտածեմ Բաբելոնի մասին, քանի որ ատիկա պահ մըն է, որ բաժանեց մարդկութիւնը», կ’ըսէ Գէորգ, որ ծնած է 1970 թուականին Սուրիա, ուսումը ստացած  է Հալէպի մէջ,  մագիստրոսի աստիճանը՝  Հայաստանի Գեղարուեստի հիմնարկին մէջ:  Տեղափոխուած է Նիւ Եորք, ուր կը շարունակէ իր աշխատանքը:

Տեսողական  լեզուի միջոցով անոր աշխատանքը «կրնայ միաւորել մարդոց, որոնք կը  խօսին տարբեր լեզուներով եւ կու գան  տարբեր մշակոյթներէ», - կ’ըսէ ան: