ԵՐԵՒԱՆ, 19 յունիսի — Sputnik. Հայ նկարչուհի Նարինէ Առաքէլեան իւրայատուկ աշխատանք ներկայացուցած է Վենետիկի ժամանակակից արուեստի 58–րդ պիենալի (երկամեայ փառատօն) ծիրէն ներս: Այս մասին կը գրէ designboom պարբերականը:
Հայուհին զարդարած է Վենետիկի տեսարժան վայրերէն մէկը` Փալացօ Քոնթարինի տել Պովոլօ ամրոցը: Իսկ 15–րդ դարու յայտնի պտուտականման աստիճանը նկարչուհին վերածած է գոյնզգոյն փարոսի:
«Քաղաքի հորիզոններէն երեւցող «փարոսը» միակ տարրն է, որ կը կապէ Վենետիկի անցեալը, ներկան ու ապագան», – նշուած է նիւթին մէջ:
Նկարչուհին ըսած է, որ արուեստի գործ ստեղծելու համար զինք ոգեշնչած է շէնքի հարուստ պատմութիւնն ու հին շէնքին մէջ գոյներու հետ փորձեր ընելու հնարաւորութիւնը. Փալացօ Քոնթարինին կառուցուած է 1499–ին Փիեթրօ Քոնթարինիի համար:
Պալատի գլխաւոր առանձնայատկութիւնը պտուտակաւոր աստիճանն է, որ նախագծած է ճարտարապետ Ճովանի Քանտին:
Նարինէ Առաքէլեան բազմատաղանդ նկարչուհի է, որ իր աշխատանքներուն մէջ կը համատեղէ կատարողութիւնը, քանդակն ու վիտէօ արուեստը:
Ան առաջին անգամ չէ, որ կը մասնակցի Վենետիկի պիենալին. երկու տարի առաջ Նարինէն իր գործերը ցուցադրած էր 56–րդ փառատօնին: