Փաշինեան հրամանագիր մը ստորագրեց. ԱՄՆ–էն եկած Սինանեանը պաշտօն ստացաւ Հայաստանի մէջ

Կլենտէլի քաղաքային խորհուրդի անդամը հրաժարած էր պաշտօնէն, որպէսզի պաշտօն ստանձնէ Հայաստանի կառավարութեան մէջ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 14 յունիսի – Sputnik. Նիկոլ Փաշինեան նոր նշանակում ըրած է: Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար  նշանակուած է Զարեհ Սինանեան: Այս մասին նշուած է ՀՀ կառավարութեան կայքին մէջ:

«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 8-րդ յօդուածի 3.1-ին մասով եւ 9-րդ յօդուածի 25-րդ մասով` Զարեհ Սինանեան նշանակուած է սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար»,– նշուած է Փաշինեանի հրամանագիրին մէջ:

Հայկական երաժշտութիւնը տարբեր մշակոյթներու ներկայացուցիչները կը միաւորէ. տեսանիւթ

Յիշեցնենք` նախօրօք տեղեկութիւն  տարածուած էր, որ Կլենտէլի քաղաքային խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան հրաժարած է պաշտօնէն, որպէսզի բարձր պաշտօն ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մէջ:

Սինանեան առաջին անգամ 2013-ին  ընտրուած է Կլենտէլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ վերընտրուած 2017-ին: Ան երկու անգամ ստանձնած է քաղաքապետի պաշտօնը` 2014-2015-ին եւ 2018-2019-ին:

Սինանեան նաեւ Հոլիւուտ-Պըրպընք օդակայանի տնօրինութեան նախագահն է:

«Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւններու հետեւանքով Սփիւռքի նախարարութիւնը միացուած է վարչապետի աշխատակազմին` վերաձեւակերպուելով Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի: