Հայկական երաժշտութիւնը տարբեր մշակոյթներու ներկայացուցիչները կը միաւորէ. տեսանիւթ

Ամէն տարի Բարի եւ Մոլֆետա քաղաքներուն մէջ, Ադրիական ծովի ափին, Ժողովուրդներու տօն կը նշուի: Տէ, ի հարկէ, առանց հայկական երաժշտութեան գործը գլուխ չէր գար:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 13 յունիսի — Sputnik. Եթէ հարուստ մշակոյթ ունիս, հարուստ ես նաեւ միւսներու մշակոյթով: Իտալական Մոլֆետա քաղաքի բնակիչներուն համար սա ապրելու ձեւ է: Ամէն տարի այստեղ կը նշուի Ժողովուրդներու տօնը: Այն կը կազմակերպեն քաղաքային   քանի մը դպրոցներ: Այսպիսի տօն կայ նաեւ հարեւան մեծ քաղաքի` Պարիի մէջ: Հրապարակներուն վրայ մարդիկ կը հաւաքուին, կ’ասմունքեն, կ’երգեն, կը պարեն:

«Պատասխանատուները ամօթ չունին, բայց ես ամչցայ այս երկրի փոխարէն». Փայլան

Տօնակատարութեան իր տպաւորութիւններուն մասին Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին պատմեց Պարի քաղաքի բնակիչ Գառլօ Քոպոլան: Անոր Մոլֆետա  հրաւիրած էին մասնակցելու տօնին, ուր ան ժամանեց հաճոյքով, բայց նոյնիսկ չէր գիտեր` ինչ երաժշտութիւն պիտի հնչէ հրապարակին մէջ:

«Մենք կ’երգէինք, կը պարէինք եւ կ’ուրախանայինք, եւ յանկարծ բարձրախօսով յայտարարեցին. «իսկ հիմա հայկական պար է», –կը  պատմէ Քոպոլան:

Եւ ի՞նչ ըրին քաղաքի բնակիչները: Տէ պատասխանը շատ պարզ է` շարունակեցին ուրախանալ:

Տարօրինակ չէ, որ նոյնիսկ Գառլօ Քոպոլան գիտէր հայկական երաժշտութեան մասին. ան ամուսնացած է հայուհիի հետ եւ իր մասնակցութիւնն ունի հայրենի քաղաքի (Պարի) եւ մարզի (Ապուլիա) հայ համայնքի կեանքին մէջ:

Իտալացիները «ժլատ» չեն այլ մշակոյթներ սիրելու հարցով: Այստեղ` Ժողովուրդներու տօնին, ուրախութեամբ կը պարեն յոյներու, պուլկարացիներու, սերպերու երաժշտութեան ներքոյ, իսկ երբեմն ալ նաեւ հայերու:

Իսկ անոնք ո՞ւր  սորված են պարել:

«Կը պարենք, ինչպէս կրնանք», – կը ժպտի սենեոր Գառլոն: Ինծի ալ` շատ ուրիշներու նման, հիանալի պարող անուանել չի կարելի: Բայց մենք ըմբռնած ենք քայլերը ու սկսած պարել: Պալքանեան եւ հայկական պարերն այդ առումով հեշտ են. ատոնք քեզ կ’առնեն իրենց շրջանին մէջ»:

Իրականութեան մէջ իտալացիներէն ոմանք առաջին անգամ չէ, որ այս երաժշտութեան տակ կը պարեն. Պարիի եւ Ապուլիայի միւս քաղաքներուն մէջ անոնց  հաճոյքով կը  սորվեցնեն: Երկու տարի առաջ, յունական եւ սերպական պարերուն հետ մէկտեղ, այստեղ սկսան նաեւ հայկական պարեր պարել: «Վստահաբար, հայ ուսուցիչ  գտած են…»,- մտածեցիք, չէ՞:

Համահայկական խաղերու ջահը վառեցաւ հերոսական Մուսա լերան գագաթին

Պարզուեցաւ` ոչ: Ուսուցիչը զտարիւն իտալացի է: Բայց ան հաճոյքով սերտած է եւ՛ արեւմտեան, եւ՛ արեւելեան հայկական պարերը: Ան էր պարի «դիրիժորը» Մոլֆետայի հրապարակին վրայ:

Գառլոն` տօնին մասնակցելու հրաւիրած էին անոր ուսուցիչ- գործընկերները: Ան իր մայրենիի հիանալի գիտակ եւ արժեւորող է. Դպրոցին մէջ  մեծահասակներու եւ ներգաղթեալներու կը դասաւանդէ: Իսկ ազատ ժամանակ Գառլոն կ’ուսումնասիրէ հայ գրող Հրանդ Նազարեանցի արուեստը:  Նազարեանցն ալ այստեղ ապրած է` Պարիի մէջ, այստեղ ալ հիմնած է հայ փախստականներու բնակավայր Նոր Արաքսը:

Այստեղ ալ ան` իր աշակերտուհիին հետ, կարդաց բանաստեղծ–բարդ Ֆաբրիցիօ տէ Անտրէի բանաստեղծութիւնները (անոր կարելի է անուանել «իտալական Ռուբէն Հախվերդեան»):

Համեմատեցինք Հայաստանի հետ. բայց ամենահետաքրքիրն այն է, որ հայեր այս տեսանիւթին մէջ չկան:

«Եթէ ըլլային, ես անոնց կը ճանչնայի: Սակայն այստեղ բոլորը իտալացիներ են եւ գաղթականներ: Շատ տարբեր մարդիկ: Բոլորս այսօր կ’ուզենք տարբերուիլ: Այստեղ միասին կը պարենք եւ ինչ-որ բանով կը նմանինք: Եւ, գուցէ, ատիկա  վատ չէ», –կ’ըսէ Գառլոն:

Իսկապէս, ինչպէս կրնայ վատ ըլլալ, երբ հայկական երաժշտութիւնը տարբեր ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու ներկայացուցիչները կը  միաւորէ: