Համահայկական խաղերու ջահը վառեցաւ հերոսական Մուսա լերան գագաթին

Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը յատուկ առաքելութեամբ Կիլիկիա հասած էր: Մեկնարկի ջահը պէտք է վառէր հէնց Մուսա լերան վրայ` յաղթական լերան ուժը հերոսական Արցախին փոխանցելու համար: Այս տրամաբանութեամբ Համահայկական 7-րդ խաղերն Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենան:
Sputnik

Աննա Վարդանեան, Լուսինէ Մկրտչեան, Sputnik Արմենիա

Մուսա լերան ստորոտին ծուարած Վագըֆ գիւղի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ Պոլսոյ Սուրբ Վարդանանց վանքի հոգեւոր առաջնորդ Հայր Սուրբ  Թաթուլ Անոյշեանի ձեռամբ պատարագ մատուցուեցաւ` Համահայկական խաղերու յաջող մեկնարկի ու ընթացքի համար: Ապա եկեղեցւոյ մէջ վառուող մոմերէն Համահայկական խաղերու  ջահը վառելու պատիւը վերապահուեցաւ խաղերու հիմնադիրներէն ամերիկահայ բարերար Ալպէր Պոյաջեանին: Այսպիսով, Համահայկական 7–րդ ամառնային խաղերու մեկնարկը տրուած է:

Համահայկական խաղերու ջահը վառեցաւ հերոսական Մուսա լերան գագաթին

Վագըֆ գիւղը այն վեց հայկական վիլայեթներէն է, որուն բնակչութիւնը մէկ դար առաջ 40 օր հերոսական պայքար մղեց Մուսա լերան գագաթին, մնաց պաշարման մէջ, բայց գտաւ փրկութեան ուղին: Այսօր այս գիւղը միակ հայկական բնակատեղին է, որ ունի 110 հայ ընտանիք: Տեղացիները կը պատմեն, որ ոչ մի գնով գիւղի տներն ու հողերը կը վաճառեն այլազգիներուն : Գիւղին մէջ սկզբունքային է նաեւ ամուսնութեան հարցը. երիտասարդները չեն ամուսնանար այլ ազգերու հետ, ատիկա կը  համարեն պատուի հարց:

Պատմական չուերթ Երեւանէն Վան. Հայաստանի 1–ին եւ վերջին մայրաքաղաքները 35 վայրկեան կը բաժնէ

Համահայկական խաղերու համազգային կոմիտէի( ՀԽՀԿ) փոխնախագահ Ռոլանդ Շառոյեան կ’ըսէ, որ ջահն այստեղ վառելու խորհրդանշական այս արարողութիւնը  անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը, աշխարհի որ ծայրին մէջ ալ ըլլայ, իր հաւաքական միտքն ուղղուած պիտի ըլլայ  միասնութեան միջոցով հայրենիքը պահելուն, պահպանելուն ու զարգացնելուն:

«Կեանքը ցոյց  տուած է, որ այն ինչ մենք կորսնցուցած ենք, կորսնցուցած ենք պառակտուածութեան հետեւանքով եւ հիմա ժամանակն է, որ վերագտնենք մեզ, ըլլանք իսկապէս պահանջատէր ու հասնինք գոնէ կորուստի նուազագոյն վերականգնման գործընթացին»,- կ’աւելցնէ պատուիրակութեան անդամ,  ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեան:

Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Լեւոն Երկրորդ թագաւորի բերդ եւ մայրաքաղաք Սիսի միջնաբերդ:

Համահայկական խաղերու ջահը վառեցաւ հերոսական Մուսա լերան գագաթին

Համահայկական եօթերորդ խաղերը  պիտի  կայանան օգոստոս 5-17: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ: