ԵՐԵՒԱՆ, 11 յունիսի — Sputnik. Զուիցերիացի, շուէտ, հնդիկ զբօսաշրջիկները շաբաթօրեակ կազմակերպած են Գառնիի հեթանոսական տաճարի մերձակայքը գտնուող գետի տարածքին մէջ: Facebook–ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է օգտատէր Maram Ava–ն:
«Իրանցի ընկերոջս (սթորի)-ին մէջ կը տեսնեմ, որ զուիցերիացի, շուէտ, հնդիկ ծանօթներս այսօր գացած են Գառնի տաճար, յետոյ իջած գետին մօտ ու, տեսնելով աղբը, հաւաքած են: Շատ ազդուեցայ, ամչցայ ու շնորհակալութիւն յայտնեցի», – գրած է ան:
Օգտատէրը նաեւ լուսանկարներ հրապարակած է, որոնց մէջ կ’երեւի, թէ ինչպէս զբօսաշրջիկները կը հաւաքեն աղբը: Ոմանք չեն դիմացած եւ գրած են. «Ինչպէ՜ս կ’ամչնամ», «Իմ ֆրանսացիներն ալ Ակնալիճը կը մաքրէին», «Մեր հրաշք երկիրը կ’աւերեն անիմաստ խոզատեսակ բնակիչները»: