Հայաստանի մէջ կայ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ` ոչ. չինացի զբօսաշրջիկները հիացած են հայերով

Չինացի զբօսաշրջիկներն այցելած են Ատրպէյճան, Վրաստան, Հայաստան ու տարածաշրջանային շրջագայութենէն ստացած տպաւորութիւնները պատմած են Sputnik Արմենիայի թղթակիցին:
Sputnik

Լաուրա Սարգսեան, Sputnik Արմենիա

Հայաստանէն Չինաստան մեկնելուն պէտք է քեզ հետ տանիս ոչ միայն հայկական արեւէն եւ մթնոլորտէն մասնիկ մը, այլեւ քոնեակ ու տեղական արտադրութեան յուշանուէրներ: Յամենայնդէպս հէնց այս հաւաքածուն ընտրած է 32-ամեայ չինացի Տինգը:

Ան Հայաստան եկած է որպէս Չինաստանի զբօսաշրջային խումբի ղեկավար: Խումբը տարածաշրջանային շրջագայութեան ժամանակ այցելած է Հարաւային Կովկասի բոլոր երեք երկիրները:

«Հայաստանի մէջ կայ այն, ինչ մենք չտեսանք ո՛չ Վրաստանի, ո՛չ Ատրպէյճանի մէջ: Ատրպէյճանը ժամանակակից երկիր է, սակայն այնտեղ պատմամշակութային ժառանգութիւնը քիչ է: Վրաստան շատ գեղեցիկ է, բայց այնտեղ ալ յուշարձաններն այդքան շատ չեն, որքան Հայաստանի մէջ», – Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ Տինգ:

Հայաստան մեր չինացի հիւրերը կ’ընկալեն որպէս հակասութիւններու երկիր, ուր նորակառոյց շէնքը կրնայ գտնուիլ բազմադարեայ վանքի աւերակներու կողքը: Զբօսաշրջիկներուն զարմացուցած է ոչ միայն բնութիւնը, այլեւ հարուստ մշակոյթն ու աւանդոյթները: Հաւանաբար հէնց այդ է պատճառը, որ Հայաստան բոլոր երեք երկիրներէն ամէնէն շատ հոգեհարազատ թուացած է չինացիներուն:

Տինգին տպաւորած է յատկապէս Գեղարդը: Իսկ տեղի խոհանոցի մասին աւանդական հարցին ան պատասխանեց, որ ամէնէն շատ հաւնած է ձուկը, որ համտեսած է Սեւանայ լիճի ափին, եւ հաւի խորովածը: «Հետաքրքիր համ է, այդպիսի հաւ Չինաստանի մէջ չես գտներ», – ըսաւ Տինգ:

Հայաստանի մէջ կայ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ` ոչ. չինացի զբօսաշրջիկները հիացած են հայերով

Հայաստան ոգեշնչած է նաեւ 61 տարեկան Զուին: Ան եղած է աշխարհի աւելի քան 80 երկրի մէջ եւ համարձակօրէն կը պնդէ, որ աշխարհի ամենալաւ լիճը Սեւանն է, ամենաարհեստավարժ զբօսավարներն ալ Հայաստանի մէջ են:

«Ես ոչ մէկ տեղ չեմ տեսած, որ զբօսավարը հիւրասիրէ զբօսաշրջիկներուն: Ձեր զբօսավարը մեզի հայկական խնձորի օղի հիւրասիրեց», – խոստովանեցաւ ան:

Զուն համոզուած է, որ Հայաստանի գլխաւոր առանձնայատկութիւնը հիւրընկալութիւնն է, իսկ մեր երկիրը յայտնագործութիւն է ճանապարհորդի համար: Ան զարմացած է, որ փոքր Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի ոչ նիւթական ժառանգութեան այսքան յուշարձաններ կան:

Հայաստանի մէջ կայ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ` ոչ. չինացի զբօսաշրջիկները հիացած են հայերով

Հայաստանէն ստացած ընդհանուր տպաւորութիւնները փոքր–ինչ խամրեցուցած են վատ ճանապարհներն ու հասարակական զուգարաններու պակասը:

Մեր իշխանութիւններուն ան խորհուրդ կու տար վերանորոգել ճանապարհները, մայրուղիներ կառուցել, իսկ զուգարանները դարձնել աւելի մաքուր եւ աւելցնել ատոնց քանակը:

Չինաստանէն ժամանած հիւրերու խումբին մէջ էր նաեւ լրագրող Չժի Պուին: Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին ան խոստովանեցաւ, որ ապշած է երկրի հսկայական մշակութային ժառանգութենէն:

Հայաստանի մէջ կայ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ` ոչ. չինացի զբօսաշրջիկները հիացած են հայերով

«Այցելած եմ աշխարհի աւելի քան 100 երկիր եւ կը վստահեցնեմ, որ Հայաստան պէտք է տեսնեն բոլոր չինացիները», – ըսաւ ան:

Զբօսավար Ռոզա Յովհաննիսեան պատասխանեց, որ վերջին 3 տարուան ընթացքին Չինաստանէն եկողներուն թիւն աւելցած է: Զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք կը սպասուի Հայաստանի եւ Չինաստանի շարքային քաղաքացիներուն համար վիզայի կարգի չեղարկման մասին համաձայնագրի ստորագրման ծիրին մէջ:

Հայաստանի մէջ կայ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ` ոչ. չինացի զբօսաշրջիկները հիացած են հայերով

Հիմնականին մէջ չինացիները «այս կողմ» կու գան` տեսնելու համար միանգամէն բոլոր երեք երկիրները` Ատրպէյճանը, Վրաստանն ու Հայաստանը: Միակ բացասական կողմն այն է, որ Հայաստանի համար անոնց շատ քիչ ժամանակ կը մնայ: Օրինակ` կ’ուզեն Տաթեւի վանք այցելել, տեսնել ամենաերկար ճոպանուղին, բայց չեն հասցներ:

«Անոնց շրջագայութիւնը կը տարբերի, քանի որ խումբին մէջ, որպէս կանոն, մեծահասակներ են, իսկ անոնք կ’ընտրեն դասական տարբերակը», – ըսաւ Յովհաննիսեան:

Սովորաբար անոնք Վրաստանէն Հայաստան կու գան` ճանապարհին կանգառ կատարելով Դիլիջանի, Սեւանի, Երեւանի մէջ, բացի այդ կը հասցնեն տեսնել Գառնին, Գեղարդն ու Խոր Վիրապը:

Հայաստանի մէջ կայ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ` ոչ. չինացի զբօսաշրջիկները հիացած են հայերով