«Երկրորդ ճակատը» եւ ամերիկեան բանակի հայ մարտիկները. ի՞նչ յայտնի է

75 տարի առաջ խոշորագոյն վայրէջքային գործողութեամբ բացուեցաւ «երկրորդ ճակատը»: «Օվըրլորտ» գործողութիւնը մինչ օրս կը համարուի երբեւէ իրականացուած խոշորագոյն վայրէջքային գործողութիւնը, որուն բոլոր փուլերուն ներգրաւուած զինուորականներու թիւը կը հասնի երեք միլիոնի:
Sputnik

Ուղիղ 75 տարի առաջ, 1944 թուականի յունիսի լոյս 6-ի գիշերը դաշնակից զօրքերը, որոնց առանցքը կը կազմէին ամերիկեան, բրիտանական ու քանատական բանակներու մարտական ստորաբաժանումները միաժամանակեայ օդային եւ ծովափնեայ «Օվըրլորտ» գործողութիւնը սկսան: Դաշնակիցներու մեկնարկային խնդիրն էր ափհանմամբ եւ օդային ուժերով գրաւել Ֆրանսայի Նորմանտի շրջանին մէջ, ձեւաւորել կայուն յենակէտեր` ինչպէս զօրքի մնացեալ հատուածի ափհանման, այնպէս ալ, հասկնալի է` ֆաշիստական Գերմանիոյ բանակի դէմ յետագայ յարձակումը ծաւալելու, Ֆրանսայի, Պելճիգայի, Հոլանտայի յետագայ ազատագրման համար:

Նախ պէտք էր ափ դուրս գալ կամ դիրքեր գրաւել օդային ուժերու գործողութեամբ: «Օվըրլորտ»-ը, որուն մեկնարկը կը նշուի նաեւ որպէս «Դ-օր» գործողութիւն, բազմափուլ ռազմավարական ծրագիր էր, իր հերթին բաղկացած «Նեպտուն» եւ «Քոպրա» ծաւալուն գործողութիւններէն:

«Երկրորդ ճակատը» եւ ամերիկեան բանակի հայ մարտիկները. ի՞նչ յայտնի է

Չնայած այն բանին, որ դաշնակիցները (հիմնականին մէջ բրիտանական եւ ամերիկեան բանակները) նախապէս գերմանական զօրքերու դէմ կռուած էին նաեւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, «Օվըրլորտ»-էն առաջ ալ, արդէն Սիցիլիան ազատագրած ու Իտալիոյ մէջ ճակատ բացած էին, 75 տարի առաջ իրականացուած գործողութիւնը կը համարուի «երկրորդ ճակատի» բացումը:

Ի հարկէ, պատմագիտական ու նաեւ քաղաքագիտական գնահատականի եւ հեռանկարային հարց է, թէ «երկրորդ ճակատի» բացման հիմնական խթանը Արեւմտեան Եւրոպայի ազատագրումն ու ֆաշիստական Գերմանիոյ տապալումն արագացնե՞լն էր, պատերազմի հիմնական ծանրութիւնը կրող Խորհրդային Միութեան վիճակը թեթեւացնելը՞, թէ՞ մէկ այլ գործօն: Կայ տեսակէտ, որ դաշնակիցները այդպիսով կը փորձէին գոնէ քիչ մը առաջ անցնիլ Ստալինէն, կանխել խորհրդային ուժերու մուտքը բուն Արեւմտեան Եւրոպա:

«Երկրորդ ճակատը» եւ ամերիկեան բանակի հայ մարտիկները. ի՞նչ յայտնի է

Բայց հիմնականն, այնուամենայնիւ, բուն գործողութիւնն է` արիւնալի մարտերն ու անհատներու սխրանքը, հաստատ ճակատագիրները: Ինչպէս ըսենք, գեղարուեստական հանրայայտ շարժանկարին մէջ պատկերուած «շարքային Ռայանը»…

Չնայած այն իրողութեան, որ միայն ԱՄՆ զինուած ուժերու կազմին մէջ Երկրորդ աշխարհամարտին շուրջ 20 հազար հայեր մասնակցած են, հետաքրքիր է, որ գրեթէ որեւէ տեղեկութիւն չէի գտներ հաստատ այդ` ամենախոշոր գործողութեան մասնակցած հայ մարտիկներու մասին: Գրեթէ ոչինչ: Երկու-երեք օր համացանցն ապարդիւն «փորփրելէ» յետոյ դիմեցի Սթրասպուրկի համալսարանին մէջ պատմութիւն եւ մասնաւորապէս Երկրորդ աշխարհամարտի պատմութիւնն ուսումնասիրած, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արարատ Պետրոսեանին:

Պարզուեցաւ, որ այո, ամերիկեան բանակի այն ստորաբաժանումներուն մէջ, որոնք ոտք դրած են Նորմանտի, շատ քիչ հայեր եղած են: Առհասարակ, ԱՄՆ զինուժին մէջ ծառայած հայերէն շատերը կամ խաղաղ ովկիանոսեան մարտական գործողութիւններուն մէջ ներգրաւուած եղած են (Ճափոնի դէմ), կամ Իտալիան ազատագրող ստորաբաժանումներուն մէջ:

«Երկրորդ ճակատը» եւ ամերիկեան բանակի հայ մարտիկները. ի՞նչ յայտնի է

Բայց պատմաբան Արարատ Պետրոսեանի օգնութեամբ տեղեկացանք մեր երկու հայրենակիցի մասին: Անոնցմէ առաջինը Վաղարշ Վաճառականեանն է, որ ծնած է 1905 -ին` Պարտիզակի մէջ (ներկայիս Թուրքիոյ տարածք): Վաղարշ Վաճառականեանի մասին յայտնի է, որ անոր ընտանիքը Ֆրանսա հաստատուած է 1923-ին: Յետագային` 1936-ին Վաղարշ Վաճառականեան մեկնած է ԱՄՆ, ուր համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ընդգրկուած է ամերիկեան բանակի շարքերուն մէջ: Եղած է 101-րդ գումարտակի շարքային մարտիկ, զոհուած է 1944 թուականի յունիս 27-ին, Նորմանտական հարթակին մէջ:

Յայտնի է նաեւ, որ Վաճառականեանի` Ֆրանսայի մէջ մնացած ազգականները եղած են ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման աշխոյժ մասնակիցներ:

«Օվըրլորտ» գործողութեան մասնակից մը եւս մեր հայրենակիցն է, ԱՄՆ 1-ին բանակի մարտիկ Կարապետ Տէրտէրեան:

Պատմաբան Արարատ Պետրոսեանի աջակցութեան շնորհիւ կրնանք նշել, որ Կարապետ Տէրտէրեան ծնած է Վան` 1894 թուականին: Ան Ֆրանսա հաստատուած է 1924-ին: Ընդգրկուած է ֆրանսական բանակ, եղած է «արտասահմանեան լեգէոնի» մարտիկ, մասնակցած է Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններուն: Այն բանէն ետք , երբ ֆաշիստական Գերմանիան գրաւեց Ֆրանսան, Կարապետ Տէրտէրեան մեկնած է ԱՄՆ:

«Երկրորդ ճակատը» եւ ամերիկեան բանակի հայ մարտիկները. ի՞նչ յայտնի է

Այստեղ արդէն դարձած է ամերիկեան բանակի զինուոր: Մասնակցած է ինչպէս Նորմանտի ազատագրման գործողութեան, այնպէս ալ ԱՄՆ 1-ին բանակի իրականացուցած շարք մը այլ մարտական գործողութիւններու: Մասնաւորապէս` մարտական մետալով պարգեւատրուած է Քալէի ազատագրման համար:

Կարապետ Տէրտէրեանի պատմութիւնը, չնայած ժլատ տուեալներուն, յատկանշական է: Բանն այն է, որ Ֆրանսա մնացած անոր հօրեղբօրորդին նոյնպէս Դիմադրութեան շարժման աշխոյժ մասնակից եղած է եւ գերմանացիներու կողմէ մահապատիժի ենթարկուած 1944-ին:

Իմանալով այդ մասին, Կարապետը ամէն կերպ համոզած է իր բանակային ղեկավարութեան, որ անպայման իրեն ընդգրկեն գործողութեան ստորաբաժանման կազմին մէջ: Եւ հասած է իր ուզածին: Կարելի է չկասկածիլ նաեւ, որ լուծած է սպաննուած եղբօր վրէժը:

Կարապետ Տէրտէրեան տեսած է եւ Գերմանիոյ դէմ տարած յաղթանակը, եւ Երկրորդ աշխարհամարտի աւարտը: Յետագային ան հաստատուած է ԱՄՆ, Քոննեքթիքութի մէջ, ուր ալ 1968-ին կնքած է իր մահկանացուն: