Հանրապետական անձաւաբուժական կեդրոնը կը բուժէ շնչուղիներու հիւանդութիւնը, դիւրազգացութիւնը

Երեւանի մէջ 235 մեթր խորութեան վրայ աւելի քան 30 տարի է` «Հանրապետական անձաւաբուժական կեդրոն» կը գործէ: Այստեղ կարելի է շարք մը հիւանդութիւններ բուժել:
Sputnik

Նանա Մարտիրոսեան, Sputnik Արմենիա

Երեւանի Աւանի աղի ընկերութեան տարածքին մէջ արդէն աւելի քան 30 տարի է «Հանրապետական անձաւաբուժական կեդրոն» կը գործէ:

Սա աշխարհի նմանատիպ առաջին բուժական կեդրոնն է, որ 1985 թուականին կառուցուած է Գալուրգիայի լենինգրատեան հիմնարկի  յատուկ նախագիծով: Սակայն առաջին հիւանդները երկրի ընդերք  իջած են միայն երկու տարի անց: Տարիներ շարունակ կեդրոն կ’այցելեն հեղձանք, դիւրազգացութիւն, շնչուղիներու հիւանդութիւններ եւ վատ ախտամերժութիւն  ունեցող մարդիկ:

Շատերը կ’ըսեն, որ իրենց վիճակը կը լաւնայ, իսկ ոմանք կը պնդեն, որ ամբողջովին ապաքինուած են:

Հանրապետական անձաւաբուժական կեդրոնը կը բուժէ շնչուղիներու հիւանդութիւնը, դիւրազգացութիւնը

«Տարեկան 500 մարդ  կեդրոն կ’այցելէ, ու ամէն տարի անոնց թիւը կ’աճի: Ամառը աւելի շատ երեխայ կու գայ, քանի որ ընթացակարգերը կ’օգնեն ոչ միայն բուժուիլ, այլեւ կանխարգիլել հիւանդութիւնները», – ըսաւ ան:

 235 մեթր խորութիւն իջնելու համար պէտք է յատուկ վերելակ նստիլ ու նախապէս սաղաւարտ հագնիլ: Ճանապարհը մօտ հինգ վայրկեան կը տեւէ:

Ստորգետնեայ մթութիւնը կը ցրէ միայն փոքր լուսարձակը, որ, որպէս կանոն, խումբին ուղեկցող  աշխատակիցին մօտ կ’ըլլայ:

Վերելակը կը հասնի ստորգետնեայ հորը, որմէ յետոյ պէտք է անցնիլ մեթրոյի թունել յիշեցնող երկու միջանցքներով: Վիտրաժներով դարպասէն այն կողմ 4000 քառակուսի մեթր մակերեսով կեդրոնն է:

Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին  հանքին մէջ 50 տարի աշխատած երկրաբան Ռազմիկ Մովսիսեան ըսաւ, որ աղի պաշարները պատահաբար  յայտնաբերած են: Այդտեղ նաւթ ու գազ  փնտռած են, բայց առաջին իսկ ուսումնասիրութիւնները ցոյց  տուած են, որ ատիկա ապարդիւն է: Փոխարէնն այդ վայրին մէջ աղի հաստ շերտ  յայտնաբերած են:

Հանրապետական անձաւաբուժական կեդրոնը կը բուժէ շնչուղիներու հիւանդութիւնը, դիւրազգացութիւնը

Հանքը, ի հարկէ, կեդրոնի բացումէն առաջ ալ  գործած է: Մովսիսեանի խօսքով` նախարարներ ու բարձրակարգ այլ պաշտօնեաներ կու գային աղի օդ շնչելու:

Անձաւաբուժական կեդրոնը կ’ուզէին ընդլայնել, որ ատոր տարածքին մէջ մինչեւ 120 մարդ կարենային թերապեւտիկ նիստեր անցնիլ, բայց ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն յետոյ այդ ծրագիրները տապալուեցան:

«Ժամանակին հանքը երեք հերթափոխով կ’աշխատէր, հիւանդները գիշերը կու գային, կը քնանային, իսկ առաւօտեան եօթին աշխատանքի կ’երթային» – կը  յիշէ  մեր զրուցակիցը:

Հանրապետական անձաւաբուժական կեդրոնը կը բուժէ շնչուղիներու հիւանդութիւնը, դիւրազգացութիւնը

Ինքը` Մովսիսեանը, վաստակած հանգիստի անցնելէ յետոյ, միեւնոյնն է, հանք վերադարձաւ, բայց արդէն որպէս հիւանդ:

Կեդրոնին մէջ շատ են կանայք, որոնք կը վազեն բաժիններով: Բոլոր հիւանդները, ներառեալ փոքր տղաներ ու աղջիկներ, ինչ–որ բանով զբաղուած են. ոմանք մարմնամարզութեամբ զբաղուած են, ոմանք կը վազեն, ոմանք ալ պիլիարտ կամ պոուլինկ կը խաղան, իսկ փոքրիկները աղի հետ կը խաղան:

Հանրապետական անձաւաբուժական կեդրոնը կը բուժէ շնչուղիներու հիւանդութիւնը, դիւրազգացութիւնը

Փոքրիկ Մաշան, ի տարբերութիւն իր մօրը` Մարիամ Սարգսեանի, ընդհանրապէս չի վախնար «հանքաթունել» իջնելէն եւ արդէն հասցուցած է ընկերանալ ոչ միայն իր հասակակիցներուն հետ, այլեւ բուժանձնակազմին:

Մարիամը պատմեց, որ առաջին այցելութեան ժամանակ ստիպուած էր յաղթահարել փակ տարածութիւններու վախը եւ պարզապէս ինքզինքը ստիպած է «քարանձաւ» իջնելու: Այսօր ատիկա այլեւս ոչ մէկ դժուարութիւն չառաջացներ, քանի որ երեխան գրեթէ դադրած է հարբուխով հիւանդանալէն: Ան արդէն չի հասկնար` ինչպէս կ’անցնի գետնի տակ անցուցած 6 ժամը, եւ իւրաքանչիւր նիստէ ետք կը զգայ, թէ ինչպէս կը լաւնայ իր վիճակը, կ’անցնի անհասկնալի եւ անպատճառ յոգնածութիւնը:

Անոյշ Անդրանիկովնան կը վստահեցնէ, որ սպառիչ արդիւնքի եւ այն ամրապնդելու համար պէտք է անցնիլ բոլոր 20 նիստերը: Եւ շատ կարեւոր է, որ առաջին 7-ն իրար ետեւէ ընդունին: Այդ ընթացքին օրկանիզմն կը յարմարի եւ փոփոխութիւններ  տեղի կ’ունենան բջջային մակարդակով:

Հանրապետական անձաւաբուժական կեդրոնը կը բուժէ շնչուղիներու հիւանդութիւնը, դիւրազգացութիւնը

Ի դէպ, Հայաստանի քաղաքացիները կրնան կեդրոնի ծառայութիւններէն օգտուիլ անվճար` պետպատուէրով կամ մասնաւոր հիմունքով` 1 նիստի համար վճարելով 10 հազար դրամ: Օտարերկրացիներն այստեղ կրնան բուժուիլ` վճարելով 12 հազար դրամ: