Իրանական ընկերութիւնը մտադիր է Հայաստանի մէջ սմարթ հեռուստացոյցներու արտադրութիւն բանալ

Նախագիծը կ’օգնէ նոր աշխատատեղեր բանալու հանրապետութեան մէջ, որ յաւելեալ խթան մը կ’ըլլայ հայ–իրանական համագործակցութեան զարգացման համար:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 27 մայիսի — Sputnik. Իրանական ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ սմարթ հեռուստացոյցներ կը հաւաքէ: Ձեռնարկութեան ստեղծման մասին յուշագիրն այսօր ստորագրեցին «Հայկական դասուգ» ընկերութեան ներկայացուցիչ Տիգրան Աթայեանն ու Parlar Soph Asia Co.–ի ներկայացուցիչ Ճաֆար Սոպհի Կէշալակին:

Սեւանի ձուկի պահածոյի մասին բոլորն իմացած են. ի՞նչ թաքնուած է թիթեղեայ տարաներուն տակ

Ստորագրման արարողութիւնը կայացաւ Սիւնիքի մարզի Տաթեւ գիւղին մէջ կազմակերպուած ներդրումային համաժողովին ժամանակ, որուն ներկայ էր նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Արտադրամասը կը գործէ Կապանի մէջ: Իրանական ընկերութիւնը կը նախատեսէ 2 մլն տոլարի ներդրում ընել:

Ինչպէս նշեց Կէշալակին, ընկերութիւնը մտադիր է Հայաստանի մէջ արտադրել հեղուկ բիւրեղեայ եւ սմարթ հեռուստացոյցներ:

«Այս նախագիծը կ’օգնէ նոր աշխատատեղեր բանալ ու յաւելեալ  խթան մը կ’ըլլայ հայ–իրանական համագործակցութեան զարգացման համար: Ծնունդով Թաւրիզէն եմ, մեր քաղաքին մէջ հայերն ու իրանցիները դարեր շարունակ համերաշխ կ’ապրին, կը յարգեն իրար: Սա հիանալի հիմք է համատեղ աշխատանքի համար», – աւելցուց ան:

«Քարտաշեաններու ընտանիքը թող Պաքու մեկնի». Քիմը տարաձայնութեան մէջ յայտնուած է

Յետագային ընկերութիւնը մտադիր է հեռուստացոյցներն արտահանել նաեւ ԵԱՏՄ այլ երկիրներ (հաշուի առնելով, որ այստեղ ատոնք հնարաւոր պիտի ըլլայ տեղափոխել առանց տուրքերու եւ ուշացումներու):

Նշենք, որ Հայաստանի մէջ 2018 թուականի դեկտեմբերին գործարկուեցաւ հեռուստացոյցներու հաւաքման առաջին գործարանը: IMG անուանումը ստացած ձեռնարկութիւնը հիմնուեցաւ սուրիահայ գործարար Արթին Վարդանեանի եւ լիբանանահայ գործարար Նիքոլաս Թաւիլի (ան նաեւ Հայաստանի մէջ «Սանիթեք» ընկերութեան ղեկավարն է) միջոցներով: