ԵՐԵՒԱՆ, 24 մայիսի-Sputnik. Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր, ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» (HDP) քրտամէտ կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան խստօրէն քննադատած է թրքական պետական հեռուստաընկերութիւնը (TRT):
Այս մասին կը յայտնէ «Ermenihaber»-ը:
Պատճառն այն է, որ Սթամպուլի քաղաքապետի ընտրութիւններուն ընդառաջ հեռուստաալիքը կը ցուցաբերէ ակնյայտ կողմնակալութիւն:
Փայլան նաեւ նշած է այն երեւոյթի վտանգաւորութեան մասին, երբ հեռուստատեսութիւնը պատմական-քաղաքական դրուագաշարերու միջոցով կը փորձէ տարաբնոյթ ուղերձներ յղել տարբեր հասցէատէրերու:
Որպէս օրինակ Փայլան մատնանշած է պատմական փաստերու ակնյայտ խեղաթիւրմամբ նկարահանուած «Գահանիստ. Ապտուլհամիտ» (Payitaht Abdֆlhamid) հեռուստասէրիալը, որ այժմ կը ցուցադրուի TRT-ով ու յատուկ ուղերձներ կը պարունակէ:
Վերջերս այդ դրուագաշարի միջոցով գրեթէ սպառնալիքի հասնող ուղերձներ հնչած են Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ նախկին վարչապետ Ահմեթ Դաւութօղլուի հասցէին:
Եւ ահա նոյն այդ դրուագաշարին մէջ այս անգամ թիրախաւորած են հայու կերպար մը: Կարօ Փայլան պատմած է, որ այդ դրուագաշարին մէջ յայտնուած է հայու կերպար, որ կը ներկայացուի իբրեւ ստոր, դաւաճան մէկը: Իսկ ամենահետաքրքիրն այն է, որ անոր անունը հէնց Կարօ է: Բնականաբար, ոչ պատահական:
Հայ պատգամաւորը յիշեցուցած է, որ օսմանեան բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ հայեր եղած են: Հայ եղած է նաեւ հէնց Ապտուլ Համիտի հարազատ մայրը: Իսկ այդ մասին դրուագաշարին մէջ ոչինչ կ’ըսուի: Հայը կը ներակայացուի միայն դաւաճանի կերպարով, անունն ալ` Կարօ: