«Քարտաշեաններու ընտանիքը թող Պաքու մեկնի». Քիմը տարաձայնութեան մէջ յայտնուած է

Հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան յարձակումներու զոհ դարձած է, քանի որ չէ միջամտած Հայաստանի հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեանի հետ կապուած խայտառակութեան:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 24 մայիսի — Sputnik. Լոնտոնեան Արսենալի երկրպագուները թրոլինկի  ենթարկած են ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը:

Ամենայայտնի հայուհիին մեղադրած են, որ չէ պաշտպանած Արսենալի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանին: Երկրպագուներու կարծիքով` Քարտաշեան պէտք է ուղերձ յղէր ու աւելի լայն արձագանք տար Պաքուի հետ կապուած խայտառակութեան:

CNN-ը «Արսենալ»-ին եւ «Չելսի»-ին կ’առաջարկէ պոյքոթել Պաքուի մէջ կայանալիք ԵԼ եզրափակիչը

Նախապէս լոնտոնեան Արսենալը քննադատած էր Ուեֆա–ն Եւրոպայի լիկայի եզրափակիչը Պաքուի մէջ կազմակերպելու համար: Մայիս 21–ին ֆութպոլային ակումբը յայտարարած էր, որ ակումբի կիսապաշտպան, Հայաստանի հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեան Պաքու չի մեկնիր: Զինագործները մտավախութիւն ունին, որ Մխիթարեան կրնայ Ատրպէյճան մուտք գործելու հետ կապուած խնդիրներ ունենալ, քանի որ ՀՀ քաղաքացիներն ու այլ երկիրներու` հայկական ազգանուններ ունեցող քաղաքացիները անցեալին  արդէն բախուած են նման դժուարութիւններու: Մխիթարեան արդէն երկու անգամ չէ խաղցած Եւրոպայի գաւաթի խաղերը ատրպէյճանական խումբերու հետ:

Երկրպագուները մեղադրած են հեռուստաաստը, որ Քարտաշեան կ’օգտագործէ իր հայկական ծագման թեման, երբ ձեռնտու է (օրինակ` յայտնի Շերի հետ հանդիպելու համար) կամ Ապրիլի 24–ին, երբ ան Ցեղասպանութեան մասին հրապարակումներ կ’ընէ:

Ոմանք նոյնիսկ առաջարկած են Քիմին օգտագործել ամուսինը` յայտնի ռեփեր Քանյէ Ուեսթն, որ իր հերթին կրնայ ուղղակիօրէն դիմել նախագահ Տոնալտ Թրամփին:

Twitter-ի վրայ հրապարակուած ամենածիծաղելի առաջարկը սա է. «Եկէք պահանջագիր ներկայացնենք, որ Քարտաշեաններու ամբողջ ընտանիքը մեկնի Պաքու, գնէ մնացած բոլոր տոմսերն ու երկրպագէ Հենրիխին: Թող բոլոր ցանկացողներուն ալ Հենոյի անունով շապիկներ բաժնեն»:

Քարտաշեան ընտանիքի ներկայացուցիչները դեռ չեն արձագանքած այս հարցին: