ԵՐԵՒԱՆ, 23 մայիսի — Sputnik. Ամերիկեան CNN հեռուստաընկերութիւնը երկու անգլիական ակումբներուն` Արսենալին եւ Չելսիին կ’առաջարկէ պոյքոթել Պաքուի մէջ կայանալիք Եւրոպայի լիկայի եզրափակիչը` ընդգծելով, որ ատիկա համախմբուածութեան եւ բոլոր ազգութիւններու նկատմամբ յարգանքի բացառիկ դրսեւորում կ’ըլլայ:
Անդրադառնալով Արսենալի կիսապաշտպան, Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեանի շուրջ ստեղծուած տարաձայնութեան` հեռուստաալիքը կ’ըսէ, որ ատիկա խայտառակութիւն է Եւրոպական ֆութպոլային ընկերակցութիւններու միութեան (ՈՒԵՖԱ) համար, որ միջազգային ճանաչում ունեցող ֆութպոլիստը կարեւոր եզրափակիչ հանդիպման չի մասնակցիր միայն ազգային պատկանելիութեան պատճառով:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Մխիթարեանի` քաղաքական դրդապատճառներով հանդիպումէն բացակայութիւնը Արսենալի համար մեծ կորուստ կրնայ ըլլալ, եւ եզրափակիչին չմասնակցելու այս որոշումը դէմ է մարզական բոլոր սկզբունքներուն:
Հեռուստաընկերութիւնը կ’ընդգծէ, որ եթէ Արսենալը պարտութիւն կրէ, միշտ բոլորին պիտի անհանգստացնէ այն հարցը՝ արդեօ՞ք ատիկա կը պատահէր, եթէ Մխիթարեան խաղադաշտ դուրս գար:
Յիշեցնենք, որ Հենրիխ Մխիթարեան չի մասնակցիր մայիս 29–ին Պաքուի մէջ կայանալիք ԵԼ եզրափակիչին, ուր պիտի հանդիպին Արսենալն ու Չելսին: