12 օր է` ինքնաշարժի մէջ կը քնանամ. 1 օրուան մէջ «փլեցան» Սահակեան ընտանիքի ծրագիրները

Սահակեան ընտանիքի յղի հարսն ու 18–ամեայ աղջիկը կը գիշերեն ուր պատահի` հարեւաններու, բարեկամներու տուն: Օրեր առաջ ընտանիքի տղաներէն մէկը մեկնած է Մոսկուա` արտագնայ աշխատանքի:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 15 մայիսի — Sputnik, Կարինէ Յարութիւնեան. արդէն 12 օր է` 56–ամեայ Արտաւազդ Սահակեանը բարեկամներէն մէկուն «ժիգուլի»-ին մէջ կը քնանայ. մայիս 3–ին Սահակեաններու տունը փլած է, ու 5 հոգինոց ընտանիքը մնացած է առանց տանիքի:

Արագածոտնի մարզի Հնաբերդ գիւղին մէջ 1988–ի երկրաշարժէն յետոյ 6 տուն վթարային  դարձած էր, որոնց պետութիւնը պարտաւորուած է փոխհատուցել: Տուժածներէն երեք ընտանիքի պետութիւնը 3 մլն դրամ  տրամադրած է, իսկ միւս երեքը գումարի փոխարէն տուն ուզած են. Սահակեանները, եւս երկու ընտանիքի հետ, դեռ կը սպասեն, որպէսզի իրենց տրուած խոստումը կատարուի:

12 օր է` ինքնաշարժի մէջ կը քնանամ. 1 օրուան մէջ «փլեցան» Սահակեան ընտանիքի ծրագիրները

«Դոյլը վերցուցի, որ տանիմ, անասուններուն ջուր տամ ու մէյ մըն ալ դղրդոց լսուեցաւ... Շրջուիմ, տեսնեմ` տան պատը փլուզուած է, քարերը  վրաս կու գան: Տունը յղի հարսս ու 18 տարեկան աղջիկս էին, դոյլը ձեռքէս նետեցի ու մուտքին մօտ վազեցի` գոռալով, որ յանկարծ տունէն դուրս չգան` շեմքը քար առ քար կը քանդուէր»,–Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին կը պատմէ Արտաւազդ Սահակեան:

Թագուհի Մանուկեան, որ  քանի մը ամիս առաջ, Սահակեաններու տուն հարս եկած է ու արդէն երեխայի կը սպասէ, կ’ըսէ, որ փլուզումէն իր ամուսնուն քոյրը` 18–ամեայ Օֆելիան, շատ  վախցած է: Հարցը հասած է անոր, որ «աղօթողի» մօտ  տարած են աղջկան, բայց ի զուր` անոր վախը դեռ դուրս սրտէն  չի գար: «Տան փլուելէն յետոյ ԱԻՆ–ի աշխատողները եկան, ժապաւէնով տունը երիզեցին ու խստիւ արգիլեցին ներս մտնել: Ըսին` տունէն իրերը հանենք ու վերջ, բայց հանենք` ու՞ր դնենք: Հիմա ես, տալս, տագրս օրը մէկուն տունը կը քնանանք, իսկ կեսրայրս ինքնաշարժի մէջ կը քնանայ, քանի որ այդպէս նաեւ տունը կը հսկէ: Չեմ պատկերացներ` մինչեւ ե՞րբ  այսպէս պիտի ապրինք` ուրիշներուն նեղութիւն տալով»,–ըսաւ ան:

12 օր է` ինքնաշարժի մէջ կը քնանամ. 1 օրուան մէջ «փլեցան» Սահակեան ընտանիքի ծրագիրները

Թագուհին նեղուած է`  ինչպէ՞ս կ’ըլլայ այսպէս, հազար ու մէկ նպատակ, ծրագիրներ ունէին. դէպքէն յետոյ Թագուհիին` 3-4 ամսուայ ամուսինը Մոսկուա  մեկնած է` աշխատելու: Օրեր անց պէտք է տան փոքրին` 18–ամեայ Օֆելիայի «Վերջին զանգի» արարողութիւնը ըլլայ ու հայրն ալ որոշած էր` տունը մեծ սեղան դնէր: Տան հարսը նաեւ «ձեռքի հետ» կ’ըսէ, որ կեսրայրն ազատամարտիկ է` Արցախեան պատերազմին  մասնակցած, սակայն Սահակեանը համեստօրէն կը շրջանցէ այդ թեման: Ի դէպ, 2005–ին մահացած է Սահակեանի կինը ու երեք անչափահաս երեխաները` երկու տղայ, մէկ աղջիկ, մնացած են հօր խնամքի ներքոյ:

«Եթէ պետութիւնը խօսք տուած չըլլար, որ տուն պիտի տայ, կեսրայրս ու տղաները տարին երկու քար ալ որ դրած ըլլային, հիմա գոնէ 1 սենեակ կ’ունենայինք: Կեսրայրս աշխատող մարդ է, 13 տարի միայնակ երեք երեխայ  մեծցուցած է , տուն ալ կը սարքէր»,–կ’ըսէ Թագուհին:

12 օր է` ինքնաշարժի մէջ կը քնանամ. 1 օրուան մէջ «փլեցան» Սահակեան ընտանիքի ծրագիրները

Գիւղին մէջ բոլորն իրար  խառնուած են` ամէն մէկն ինչ–որ կերպ կը փորձէ մեղմել Սահակեաններու ընտանիքէն ներս ստեղծուած անելանելի իրավիճակը: Սահակեաններու տան մօտ բնակող 83–ամեայ Սոֆիկ Մխիթարեանն ամբողջ ցերեկը կը նստի փլատակներու քարերուն վրայ ու կը հսկէ տունը: Սոֆիկ տատը, դիմելով ինծի, կ’ըսէ.«Բալես, ճիշդը կը գրես, այսինքն` այն, ինչ տեսար: Այս ընտանիքը մեղք է, տան հայրը չէչ գիտեր` գլուխը որ քարով տայ, որ հարցը լուծուի»:

Մէկ այլ հարեւան ալ արդէն 10 օր է` գիւղական մեքենան դաշտ չի տանիր, քանի որ մեքենան պէտք է Սահակեաններու տան կողքով անցնի, եւ մտավախութիւն կայ, որ մեծ մեքենայի շարժէն կրնայ ներսը գտնուող իրերուն վրայ կանգուն մնացած պատերն ալ փլին: «Հարեւան ենք, հօ մէկ օրուայ համա՞ր չենք»,–կ’ըսեն մեզի շրջապատած հարեւաններն ու հէնց այդ պահուն ալ այդ ճանապարհով անցնիլ փորձող մեքենային կը յորդորեն շրջանցել տունը: Սահակեաններու տունը, սակայն, գիւղի գերեզմանատուն տանող ճանապարհին է եւ այն շրջանցել երբեմն չըլլար:

12 օր է` ինքնաշարժի մէջ կը քնանամ. 1 օրուան մէջ «փլեցան» Սահակեան ընտանիքի ծրագիրները

Հնաբերդի վարչական ղեկավար Մամիկոն Նիկողոսեան, որ նոյնպէս «դէպքի վայրին մէջ» էր, նշեց, որ խնդրին մասին համայնքի ղեկավարին  տեղեկացուցած են, խորհրդակցութիւն ըրած, գրութիւն ուղարկած մարզպետարան: «Պէտք է որքան հնարաւոր է շուտ լուծեն այն, տան մէջ աղջիկ երեխայ կայ, յղի հարս կայ, ախր»,–ըսաւ ան:

Արագածոտնի մարզպետարանէն ալ իրենց հերթին յայտնեցին, որ տարածքի ուսումնասիրութեան գործ  կազմուած է (տունը վերականգման ենթակայ չէ), որ մարզպետի գրութեան հետ ուղարկած են տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւն, որպէսզի պետական պիւտճէէն գումար տրամադրուի ու Սահակեաններուն համար տուն կառուցուի:

12 օր է` ինքնաշարժի մէջ կը քնանամ. 1 օրուան մէջ «փլեցան» Սահակեան ընտանիքի ծրագիրները

Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի պետ Վարուժան Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ գրութիւնը ստացած ու արդէն իսկ դիմած են քաղաքային շինութիւն` տեղեկանալու, թէ արդեօ՞ք Սահակեանները երկրաշարժէն տուժածներու բնակարանային ապահովման ծրագիրին ընդգրկուա՞ծ են, թէ՞ ոչ: «Եթէ անոնք ծրագիրի շահառու են, ուրեմն պէտք է մինչեւ 2020 բնակարանով ապահովուեն անոնց, իսկ եթէ ինչ–ինչ հանգամանքներէ ելլելով` չկան այդ ցանկին մէջ, պէտք է հասկնանք` ինչպէս  հնարաւոր է խնդրին լուծում տալ»,–ըսաւ ան:

12 օր է` ինքնաշարժի մէջ կը քնանամ. 1 օրուան մէջ «փլեցան» Սահակեան ընտանիքի ծրագիրները

Ի դէպ, «Քաղաքացիներու առաջարկութիւնները, դիմումները եւ բողոքները քննարկելու կարգի մասին ՀՀ օրէնքի» համաձայն` նախարարութիւնը մարզպետի գրութեան պէտք է պատասխանէ 15 օրուան ընթացքին, եթէ այն լրացուցիչ ուսումնասիրութիւն չի պահանջեր: Սակայն այս պարագային, քանի որ պէտք է քաղաքային շինութենէն ալ տեղեկատուութիւն ստանան, նախարարութիւնը 30–օրեայ ժամկէտի մէջ կը պատասխանէ դիմումին:

12 օր է` ինքնաշարժի մէջ կը քնանամ. 1 օրուան մէջ «փլեցան» Սահակեան ընտանիքի ծրագիրները