Յայտնի է Հենրիխ Մխիթարեանի հարսանիքի յստակ օրը

Հանրայայտ ֆութպոլիստի ու գործարարի դստեր հարսանեկան արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ աշխարհի ամենառոմանթիք քաղաքներէն մէկուն մէջ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 13 մայիսի – Sputnik. Sputnik Արմենիայի տեղեկութիւններով` Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագ ու Լոնտոնի «Արսենալ»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանի ու գործարար Միքայէլ Վարդանեանի դստեր` Պեթի Վարդանեանի պսակադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ յունիս 17-ին Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ:

Մեր տեղեկութիւններով` յունիս 16–ին Հայաստանի հիւրերը չարթերային չուերթով կը մեկնին Վենետիկ:

Յայտնի է Հենրիխ Մխիթարեանի հարսանիքի յստակ օրը
Նախօրօք  ԶԼՄ–ներու մէջ տեղեկութիւն  տարածուած էր, որ Հայաստանի հաւաքականի եւ «Արսենալ»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան նշանուած է գործարար Միքայէլ Վարդանեանի դստեր հետ, բայց այդ լուրը մինչեւ հիմա ալ պաշտօնապէս չէ հաստատուած:

Որքա՞ն հին է հայերու genofond-ը, եւ ինչո՞ւ DNA-ի քննութիւնը նորելուկ դարձած է

Մեր ընտրանիի առաջատարն իր կեանքի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկուն կը մօտենայ ազգային հաւաքականի ընտրական երկու խաղէն ետք: Եւրօ-2020-ի ընտրական փուլի ծիրէն ներս յունիս 8-ին Հայաստանի հաւաքականը սեփական յարկին տակ պիտի մրցի Լիխտէնշտէյնի ընտրանիին հետ, իսկ յունիս 11-ին արտագնայ խաղ կ'իրականացնէ Յունաստանի հաւաքականին հետ:

Յուսանք, որ մեր ազգային հաւաքականի արդիւնքները դրական կ’ըլլան, եւ Հենրիխն իր հարսանեկան արարողութեան կ’երթայ յաղթական տրամադրութեամբ: