Առաջին անգամ Մեքսիքայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն մը կ’ընդունուի

Յայտարարութիւնը ընդունելէ ետք Քոնկրեսը մէկ վայրկեան լռութեամբ յոտընկայս յարգած է Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 13 մայիսի-Sputnik. Մեքսիքայի Միչոաքան նահանգի Քոնկրեսը ընդունած է Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող յայտարարութիւն մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը:

Որքա՞ն հին է հայերու genofond-ը, եւ ինչո՞ւ DNA-ի քննութիւնը նորելուկ դարձած է

Փաստաթուղթը ներկայացուած է կառավարող «Մորենա» կուսակցութեան պատգամաւոր Քրիսթինա Փորթիլօ Այալայի կողմէ: Յայտարարութիւնը ընդունելէ ետք Քոնկրեսը մէկ վայրկեան լռութեամբ յոտընկայս յարգած է Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը: Փաստաթուղթի ընդունման ներկայ գտնուած է Միչոաքանի ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Յակոբ Սահակեան:

Ասիկա առաջին դէպքն է, երբ Մեքսիքայի մէջ օրէնսդիր մարմինի մը կողմէ կ’ընդունուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող յայտարարութիւն: