Երեւանցիները նոր այգի ունին. բացումին ներկայ էր Նիկոլ Փաշինեան

Վարդանեաններու ընտանիքը Երեւանի կեդրոնին մէջ վերանորոգած է այգի մը` նուէր ընելով երկրի բնակիչներուն մայրաքաղաքի 2800–ամեակին առիթով:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 10 մայիսի — Sputnik. Երեւանի կեդրոնին մէջ` քաղաքապետարանին դիմաց, բացուած է վերանորոգուած այգի` 2800 շատրուաններով եւ 70 տեսակի 250 ծառերով:

Բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան, ԱԳՆ ղեկավար Զոհրապ Մնացականեան եւ շարք մը պատգամաւորներ: Կարմիր ժապաւէնը կտրեցին Հայկ Մարութեանը եւ այգիի նախագիծի հեղինակ Կարէն Վարդանեանը:

Նշենք, որ այգին վերանորոգուած եւ ամբողջութեամբ վերակառուցուած է Վարդանեաններու ընտանիքի ֆինանսաւորմամբ: Աշխատանքներուն վրայ ծախսուած է 5,3 միլիոն տոլար: Այգիին մէջ տեղադրուած է 2800 շատրուան, 7 պրոնզէ յուշարձան: Այն զարդարուած է հին հայկական գորգերու նախշերով եւ 70 տեսակի 250 ծառերով: Այգիի վերանորոգման աշխատանքներուն եւ խնամքին հետ կապուած բոլոր ծախսերը 99 տարիով պիտի հոգայ Վարդանեաններու ընտանիքը, քանի որ ատիկա անոնց նուէրն է 2800–ամեայ մայրաքաղաքին: