Որքա՞ն հին է հայերու genofond-ը, եւ ինչո՞ւ DNA-ի քննութիւնը նորելուկ դարձած է

Գիտնական Լեւոն Եպիսկոպոսեան կը վստահեցնէ, որ հայերն անցած հազարամեակներուն ընթացքին կրցած են պահպանել իրենց տեսակը:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 10 մայիսի — Sputnik. Հայ ազգի տեսակը ձեւաւորուած է հինգ հազար տարի առաջ, այնուամենայնիւ, ատիկա դեռ հիմքեր չի տար պնդելու, որ ամենահինն է աշխարհի վրայ կամ տարածաշրջանին մէջ: Այսօր Sputnik Արմենիայի մամուլի կեդրոնին մէջ այս մասին ըսաւ կենսաբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր, Հայաստանի ԳԱԱ մասնկային (Մոլեկուլային)  կենսաբանութեան հիմնարկի ցեղածնունդի տարրալուծարանի  վարիչ Լեւոն Եպիսկոպոսեան:

Հակահայկական քարոզչութեան ակնյայտ ապացոյց Թուրքիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ

«Քիչերը կրնան հպարտանալ նման տեսակով: Մենք նաեւ գիտենք, որ մեր տեսակը քիչ  փոխուած է անցած հազարամեակին ընթացքին: Սակայն սխալ է պնդել, որ մենք տարածաշրջանին մէջ ամենահին տեսակով ժողովուրդն ենք: Նոյն վրացիներու կամ իրանցիներու տեսակը վատ ուսումնասիրուած է: Միայն համապատասխան հետազօտութիւններէ ետք  կարելի է ընել նման հետեւութիւններ», – ըսաւ Եպիսկոպոսեան:

Գիտնականը նշեց, որ հայերու «հնութեան» մասին կը վկայեն տարբեր երկիրներու մասնագէտներու հետազօտութիւնները (ներառեալ` լեզուաբանութեան ոլորտին մէջ): Վերջին տուեալներով` հայերէնն առանձնացած է հնդեւրոպական նախալեզուէն 4,5-5 հազար տարի առաջ: «Ատիկա  անգամ մը եւս կը հաստատէ հայկական  տեսակի հնութիւնը»,– նշեց Եպիսկոպոսեան:

Դարերու ընթացքին տեղի ունեցած է ցեղային ընդհանրութեան առանձնացման գործընթացք. հայերն իրենց բնորոշ գիծերով սկսած են տարբերիլ միւս ժողովուրդներէն:

Գիտնականը նշեց, որ հայերը կրցած են պահպանել իրենց ազգային ինքնութիւնը, տեսակը չէ ենթարկուած զգալի փոփոխութիւններու:

Երեւանցիները նոր այգի ունին. բացումին ներկայ էր Նիկոլ Փաշինեան

Անոր խօսքով` կենետիկական օտարածին ազդեցութենէ զերծ  մնացած են Արցախն ու Սիւնիքը: Այդուհանդերձ, չարժեր պնդել հայերու, վրացիներու կամ չինացիներու բացարձակ «զտարիւնութեան» մասին, թէկուզ այն պատճառով, որ մարդիկ ամբողջ աշխարհի մէջ կենետիկօրէն շատ առումներով նման են իրար:

Եպիսկոպոսեանի խօսքով` վերջին շրջանին նորելուկ դարձած է որպէս նուէր DNA քննութիւն պատուիրելը: Այսպէս, ԱՄՆ–ի մէջ յոբելեարի ծննդեան օրը յաճախ ոչ թէ փող կամ օծանելիք կը նուիրեն, այլ անոր կենետիկ գաղտնագիրի վերծանումը. աւելի քան 10 միլիոն ամերիկացիներ արդէն ունին կենետիկ անձնագիրներ: Հարեւան Թուրքիոյ մէջ 34,5 միլիոն մարդ պատրաստակամութիւն  յայտնած է ստուգել DNA –ը եւ պարզել իրենց նախնիներու մասին տեղեկութիւնը:

Եպիսկոպոսեան նաեւ նշեց, որ հիմա DNA–ի քննութիւնը աւելի յաճախ սկսած են օգտագործել քաղաքական նպատակներով:

Գիտնականը բացասաբար կը գնահատէ այդ միտումը: Անոր կարծիքով` գիտութիւնը կը մեռնի այնտեղ, ուր կայ քաղաքական պատուէր: