Հակահայկական քարոզչութեան ակնյայտ ապացոյց Թուրքիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ

Թրքական աշխարհը ներկայացնող շարք մը պետութիւններու միջեւ կան պատմական կապեր ու մշակութային ընդհանրութիւններ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 10 մայիսի-Sputnik. Օրերս «Facebook»-ի օգտատէրերուն մօտ շրջանառութեան մէջ դրուած է  լուսանկար մը, որ թրքական դպրոցներուն մէջ ազգային խտրականութեան ու թշնամանքի քարոզի ակնյայտ ապացոյց է:

Հակահայկական քարոզչութեան ակնյայտ ապացոյց Թուրքիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ

Օգտատէրերէն մէկուն մեկնաբանութեան համաձայն` լուսանկարը առնուած է մանկական  դասագիրքէ: Գիրքին մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի․

«Թրքական աշխարհը ներկայացնող  շարք մը պետութիւններ կը տարածուին Միջին Ասիայէն մինչեւ Եւրոպա երկարող տարածաշրջանին մէջ: Ստեղծուած են բազմաթիւ եղբայրական երկիրներ, որոնց հետ մենք պատմական կապեր ու մշակութային ընդհանրութիւններ ունինք:

Ստորեւ նշուածներէն  որ մէկը չի՞ կրնար մեզի հետ ընդհանուր մշակութային արժէքներ ունեցող եղբայրական պետութիւն համարուիլ:

ա․ Ուզբեկստան

բ․ Հայաստան

գ․ Ատրպէյճան

դ․ Ղրղզստան»:

Առաջարկուած տարբերակներէն որպէս ճիշդ պատասխան աշակերտները պէտք է ընտրեն «Հայաստան»: