ԵՐԵՒԱՆ, 8 մայիսի — Sputnik. 49 մասնաւոր ներդրողեր 2018-19–ին կառավարութեան կողմէ հարկային արտօնութիւններ ստացած են, որոնց դիմաց պարտաւորուած են 255 մլր դրամի ներդրում կատարելու ու 4000 նոր աշխատատեղ ստեղծելու: Այս մասին այսօր տարեկան ամփոփիչ ասուլիսին յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` անդրադառնալով Հայաստանի մէջ վերջին մէկ տարուան ընթացքին իրականացուած ներդրումային ծրագիրներուն:
«ԱԱՀ յետաձգման արտօնութիւն տրուած է եւս 7 ընկերութեան` 21 մլր դրամի ներդրում կատարելու եւ մօտ 444 նոր աշխատատեղեր ստեղծելու նպատակով»,– ըսաւ Փաշինեան:
Գիւղացիական տնտեսութիւններուն կը տրամադրուին «աժան» վարկեր` «խելացի» անասնագոմերու կառուցման, կարկտապաշտպան համակարգերու տեղադրման համար:
Ցած վարկերու փոխարէն գիւղացիները կրնան դիմել նաեւ կատարուած աշխատանքի արժէքին 40-50 տոկոսը յետ ստանալու համար:
Մարզերուն մէջ պետական գործարարութեան դասընթացներու հետեւանքով արդէն իսկ 120 նոր գործ բացուած է: