ԱՄՆ քոնկրէսականներ Թրամփին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ուղղած են

Քոնկրէսականները նամակին մէջ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին հրամանատար Ճէյմս Հարպորտի հերոսութիւնը կը յիշատակեն:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 8 մայիսի-Sputnik. ԱՄՆ քոնկրէսականները երկրի նախագահ Տոնալտ Թրամփին նամակ  ուղարկած են, որուն մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ըրած են: Այս մասին կը յայտնեն Ամերիկայի Հայկական համագումարէն:

Ըստ աղբիւրին` բանաձեւի նախաձեռնողը ԱՄՆ քոնկրէսական Ճէքի Սփիյերն է:Բանաձեւին աջակցած են եւս 28 քոնկրէսականներ, ներառեալ`Քոնկրէսի ներկայացուցիչներ Կուս Պիլիրակիսը, Ֆրենք Փալոնեն, Փիթըր Քինկը եւ Ատամ Շիֆը: Ամերիկայի Հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայեան Արտունը շնորհակալութիւն  յայտնած է Ճէքի Սփիյերին եւ քոնկրէսականներուն աջակցութեան համար:

Հալէպը ուրիշ է հիմա, ես քեզ այսպէս աւելի սիրեցի. հալէպահայ

ԱՄՆ քոնկրէսականներն իրենց նամակին մէջ հիասթափութիւն  յայտնած են` կապուած Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին Տոնալտ Թրամփի յայտարարութեան հետ: Նամակին մէջ նշուած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալով` ԱՄՆ-ն արժանին կը մատուցէ Ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուածներուն, կը նշէ անոնց հաստատակամութիւնը, որոնք վերապրած են, ինչպէս նաեւ յարգանքի տուրք կը մատուցէ զինուորականներու յիշատակին, որոնք ծառայած են երկրին` պաշտպանելով անոր ազատութիւնն ու իտէալները:

Քոնկրէսականները նամակին մէջ կը յիշատակեն Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ հրամանատար Ճէյմս Հարպորտի հերոսութեան մասին, որ նախագահ Վուտրօ Վիլսընի հրամանով ղեկավարած է 1919 թուականին Հայաստանի մէջ ռազմական առաքելութիւնը:

Նախապէս նշուած էր, որ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփը Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին ուղերձով  հանդէս եկած է` կրկին չյիշատակելով «ցեղասպանութիւն»  բառը: «Մենք այսօր յարգանքի տուրք կը մատուցենք Մեծ Եղեռնի յիշատակին եւ կը յիշեքն անոնց , որոնք տուժած են 20-րդ դարու ամենասարսափելի զանգուածային չարագործութեան հետեւանքով: 1915 թուականէն սկսած Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն 1,5 մլն հայեր արտաքսուած են, սպաննուած կամ մահուան ուղարկուած: Յիշատակի այս օրը մենք դարձեալ Ամերիկայի եւ ամբողջ աշխարի մէջ  հայ համայնքին հետ միասին կը սգանք բազմաթիւ զոհերուն,- նշուած էր յայտարարութեան մէջ: