Ո՞վ կը դառնայ Պոլսոյ պատրիարք, եւ ի՞նչ դիրքորոշում ունի հայ համայնքը. թոհուբոհը սկսած է

Թրքագէտին կարծիքով` այս պահուն Թուրքիայէն ընտրութեան մասնակցող հաւանական թեկնածուներն են Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանն ու Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 3 մայիսի — Sputnik. Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի` Պոլսոյ պատրիարք նշանակուելու հնարաւորութիւնը մեծ է: Լրագրողներու հետ զրոյցին նման կարծիք յայտնեց պոլսահայ թրքագէտ Տիրան Լոքմագէոզեան:

Պոլսոյ 62-ամեայ պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեան վախճանած էր մարտ 8-ին` աւելի քան 10 տարուան ծանր հիւանդութենէն ետք:

Գառնիի տաճարին մէջ ելեկտրոնային երաժշտութեան փառատօն կը կազմակերպուի

«Այս պահուն Թուրքիայէն ընտրութեան մասնակցող հաւանական թեկնածուներն են Աթէշեանն ու Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը: Մաշալեան շատ թոյլ  է` քայլ մը առաջ, երկու քայլ յետ կանոնով առաջնորդուելով, իսկ Աթէշեանն ալ Թուրքիոյ իշխանութեան ձեռքին գործիք  դարձած է, չնայած, այս առումով, ան միակ սատանան չէ»,–ըսաւ Լոքմագէոզեան:

Անոր խօսքով` օրեր առաջ կրօնական ժողով տեղի ունեցաւ, որն Աթէշեանը կը ղեկավարէր, չնայած նման իրաւունք չունէր: Մաշալեան, սակայն, ըստ թրքագէտին, չբողոքեց ատոր առնչութեամբ, չհեռացաւ ժողովէն, իր ուժը ցոյց չտուաւ:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հայ համայնքին, ապա Լոքմագէօզեանի խօսքով` անոնք դեռ չէզոք վիճակի մէջ  են. կան մարդիկ, որ չեն կողմնորոշուիր` որուն ընտրել, սակայն եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւնը ցոյց տայ, որ իր թեկնածուն Աթէշեանն է, չկողմնորոշուածները հէնց անոր ալ կ’ընտրեն:

Թրքագէտը, սակայն յիշեցուց, որ նոյն Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի ընտրութեան ժամանակ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ’ըսէին, որ դէմ են անոր թեկնածութեան, սակայն հայ համայնքը, միեւնոյնն է, անոր ընտրեց:

Հայաստան կը կրճատէ սպառազինութիւնը` Ատրպէյճանի հետ ունեցած տարբերութիւնը. Յարութիւնով

Պատմաբան Հրանոյշ Խառատեանի խօսքով ալ`մէկ կողմէն, Մաշալեան այս պահուն դեռ իր ուժերը ցոյց չէ տուած, միւս կողմէն, յառաջիկային թրքական իշխանութիւնները ցոյց կու տան, որ Աթէշեանն է իրենց թեկնածուն, որն ալ վճռորոշ դեր կ’ունենայ:

«Ի հարկէ, պատրիարքի ընտրութեան դուրսի թեկնածուները կ’ուզեն մասնակցիլ, սակայն քիչ հաւանական կը համարեմ անոնց նշանակումը: Հայ համայնքն աւելի շատ կ’ուզէ ունեցած դիրքը, պահպանել, քան փոփոխութիւններու երթալ: Բացի այդ, Թուրքիոյ նախագահը երբեք թոյլ չի տար, որ հայ համայնքն ընտրութիւն կատարէ. գաղտնիք չէ, որ Պոլսոյ պատրիարքն ուղղակի գործիք է թրքական իշխանութեան համար` ինչ–ինչ հարցեր լուծելու համար»,–ըսաւ ան:

Յիշեցնենք, որ Աթէշեանի եւ կրօնական ժողովի ընդհանուր ստորագրութեամբ արդէն իսկ դիմում  ներկայացուած է Սթամպուլի նահանգապետարան` Պոլսոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ժամանակացոյցը պետական մարմիններու հետ համաձայնեցնելու: