Ճափոն թղթադրամներ կը թողարկէ Ցեղասպանութեան տարիներուն հայերուն օգնած բարերարի պատկերով

1921 թուականին ճափոնցի գործարար եւ բարերար Էյիչի Շիպուսաւան հայ փախստականներուն օգնելու համար հիմնադրամ մը հիմնած է:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 3 մայիսի — Sputnik. Ճափոնի մէջ նոր 10000-անոց եէն կը թողարկեն յայտնի գործարար եւ բարերար Էյիչի Շիպուսաւայի պատկերով: Այս մասին կը յայտնեն ճափոնական լրատուամիջոցները:

1922 թուականին Ճափոնի մէջ Շիպուսաւան մարդասիրական օգնութիւն  կազմակերպած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերուն համար:

Ճափոն թղթադրամներ կը թողարկէ Ցեղասպանութեան տարիներուն հայերուն օգնած բարերարի պատկերով

1921 թուականին ճափոնցի գործարար եւ բարերարը հիմնադրամ մը ստեղծած էր հայ փախստականներուն աջակցելու համար:

Շիպուսաւան իր հետքը  ձգած է Ճափոնի նորագոյն պատմութեան մէջ: Անոր երբեմն ճափոնական դրամատիրութեան հայր կ’անուանեն: Շիպուսաւան յայտնի եղած է որպէս յաջողակ դրամավար եւ գործարար, բազմաթիւ բաժնետիրական ընկերութիւններու հիմնադիր, որոնց շարքին են «Թոքիօ գազը», «Իսիկաւաձիմա Խարիման» եւ ճափոնական տնտեսութեան այլ ներկայիս հսկաներ:

Ճափոն թղթադրամներ կը թողարկէ Ցեղասպանութեան տարիներուն հայերուն օգնած բարերարի պատկերով

Իր կեանքին ընթացքին ան հիմնած եւ կառավարած է մօտ 5 հազար ձեռնարկութիւն, միեւնոյն ժամանակ ընկերային ուղղուածութիւն ունեցող նախաձեռնութիւնները, որոնց հետ առնչութիւն  ունեցած է Շիպուսաւան,  600–ի շուրջ եղած են: