Եթէ դրախտը կը փնտռէք, պէտք է Հայաստան այցելէք. սպանական Etheria Magazine

Սպանացի լուսանկարիչ-ճանապարհորդները կը ներկայացնեն Հայաստանի գլխաւոր տեսարժան վայրերը, բնական արգելոցներն ու պատմամշակութային յուշարձանները:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 3 մայիսի-Sputnik. Սպանական Etheria Magazine պարբերականի կայքին մէջ «Հայաստան. 10 վայր եդեմական այգիին մէջ» վերնագրով յօդուած հրապարակուած է, ուր  ներկայացուած է Հայաստանի մէջ հանգիստի եւ դիտարժան վայրերու մասին:

Եթէ դրախտը կը փնտռէք, պէտք է Հայաստան այցելէք. սպանական Etheria Magazine

Լուսանկարիչ-ճանապարհորդներ Խուան Գառլոս Մունիէսի եւ Մար Ռամիրեսի հեղինակած յօդուածին մէջ կը ներկայացուին Հայաստանի գլխաւոր տեսարժան վայրերը, բնական արգելոցներն ու պատմամշակութային յուշարձանները:

Եթէ դրախտը կը փնտռէք, պէտք է Հայաստան այցելէք. սպանական Etheria Magazine

«Եթէ դրախտը կը փնտռէք, պէտք է Հայաստան այցելէք: Ճանապարհները ձեզի կը տանին դէպի Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ երեւակայական սահմանը, ուր, կ’ըսեն, գոյութիւն  ունեցած է եդեմական այգին: Հէնց այստեղ կարելի է տեսնել աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկը»,- կ’ըսուի յօդուածին մէջ:

Եթէ դրախտը կը փնտռէք, պէտք է Հայաստան այցելէք. սպանական Etheria Magazine

Հայաստանի տեսարժան վայրերու  տասնեակին մէջ  ընդգրկուած են Զուարթնոցի տաճարի աւերակները, Գառնիի հեթանոսական տաճարը, Գեղարդի եւ Խոր Վիրապի վանքերը, Սաղմոսավանքը, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, Սեւանայ լիճը` Սեւանավանքով, Հանրապետութեան հրապարակը, Կասկադ համալիրը, Մատենադարանը, ի դէպ` իւրաքանչիւր տեսարժան վայրի մասին ընթերցողներուն հակիրճ տեղեկութիւններ կը ներկայացուին:

Եթէ դրախտը կը փնտռէք, պէտք է Հայաստան այցելէք. սպանական Etheria Magazine