Հին ինքնաշարժ ալ չես գներ. ի՞նչ կը փոխուի Հայաստանի մէջ ինքնաշարժ սիրողներուն համար

Հայաստան կը սկսի մաքսազերծել ինքնաշարժերն ըստ ԵԱՏՄ տուրքերու, որոնք աւելի բարձր են: Միաժամանակ կը նուազի ներկրման հարկը․20%-անոց ԱԱՀ-ն կը փոխարինեն 1% եկամտահարկով:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 1 մայիսի — Sputnik, Արամ Գարեգինեան․ Հայաստան 2020 թուականէն կը սկսի մաքսազերծել ինքնաշարժերը ԵԱՏՄ դրոյքաչափերով: Մաքսային տուրքերը, յատկապէս` հին ինքնաշարժերու համար, որոնք հիմա կը գնեն աժան ըլլալուն պատճառով, կտրուկ կ’աճին:

Միւս տարուընէ նման ինքնաշարժ ներկրելուն շատ պարագաներու մաքսազերծման չափը կը հասնի ինքնաշարժի արժէքին:

Հայաստան կը կրճատէ սպառազինութիւնը` Ատրպէյճանի հետ ունեցած տարբերութիւնը. Յարութիւնով

ԵԱՏՄ մուտք գործելուն` Հայաստան մաքսային տուրքերու անցումային շրջանի հնարաւորութիւն  ստացած է, ներառեալ` ինքնաշարժերու համար: 2015-էն 2020 թուականներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ ինքնաշարժերու մաքսային տուրքի չափը մնացած է 10%՝ անկախ հնութենէն ու շարժիչի ծաւալէն: Յաջորդ տարուընէ Հայաստան կ’անցնի ԵԱՏՄ-ի տուրքերուն, ու ինքնաշարժի գումար խնայողներէն շատերը կ’ուզեն հասցնել այս տարի ձեռք բերել այն:

«Ո՛չ» հին ինքնաշարժերուն

Բայց եւրասիական տուրքերը հէնց այնպէս աւելի բարձր չեն: Ատոնց նպատակն է դադրեցնել հին ինքնաշարժերու զանգուածային ներհոսքը․ այսպէս Միութեան անդամ երկիրները կ’ուզեն պաշտպանուիլ «ինքնաշարժերու գերեզմանոցներէն», որ կը շատնան: Իսկ հայկական շուկան լի է հին ինքնաշարժերով: Տասէն ինը աւելի քան եօթ տարեկան ինքնաշարժեր են (յաճախ` շատ աւելի «ծեր»): Սա, ի հարկէ, լաւ կեանքէն չէ․․․

Նախապէս գրած էինք, որ ՊԵԿ-ի տուեալներով, ամենաշատը Հայաստան կը բերուին 1,5-1,8 լիթր շարժիչի ծաւալով, եօթ տարեկանէն մեծ ինքնաշարժեր: Ատոնք մաքսակէտ կը հասնին միջինը 3 – 3,5 հազար տոլարով: Ին՞չ տուրք կը գործէ ատոնց համար ու ինչպէս կ’ըլլայ այն հիմա:

Ենթադրենք, որ մաքսազերծման ժամանակ ԱԱՀ պէտք չէ վճարել: Այդ պարագային 3 000 տոլարանոց ինքնաշարժի համար պէտք է 300 տոլար վճարել: Իսկ յաջորդ տարուընէ այդ ինքնաշարժի տուրքը պիտի կազմէ 1,6 եւրօ` շարժիչի ծաւալի իւրաքանչիւր խորանարդ սանթիմեթրի դիմաց: Այդ պարագային 1,5 լիթրաժով ինքնաշարժի համար պէտք է 2 400 եւրօ վճարել: Այսինքն` գրեթէ ինքնաշարժի արժէքին չափով:

Համեմատաբար նոր ինքնաշարժերու համար տուրքի չափն  աւելի ցած կ՛ըլլայ․ առնուազն 0,41 եւրօ` 1 խորանարդ սանթիմեթրի դիմաց, բայց այդպիսի ինքնաշարժերը զգալիօրէն աւելի թանկ արժեն:

Իսկ 3 լիթրանոց շարժիչով հին ինքնաշարժի համար տուրքը այնչափ բարձր կ’ըլլայ․ 3,2 եւրօ` մէկ խորանարդ սանթիմեթրի դիմաց: Այդ ժամանակ հին ճիփի համար պէտք կ’ըլլայ 9-10 եւրօ վճարել: Այսինքն`մաքսազերծումը համադրելի կ’ըլլայ ինքնաշարժի արժէքին հետ:

Սամուէլ Ալեքսանեան արտօնութիւն ստացաւ. Թուրքիայէն ներմուծելը ձեռնտու է

Մինչեւ եօթ տարեկան ինքնաշարժերու տուրքն աւելի ցած կ’ըլլայ (առնուազն 0,88 եւրօ` մէկ խորանարդ սանթիմեթրի դիմաց), բայց բաւական է յիշել` ինչ արժեն նման ինքնաշարժերը․․․

Ինչպէ՞ս շրջանցել թանկ մաքսազերծումը

Այսպիսով` կը թանկանայ երրորդ երկիրներէ ներկրուած ինքնաշարժերու մաքսազերծումը, սակայն ԵԱՏՄ երկիրներու ինքնաշարժերու համար այն զերոյական կը մնայ: Ու խօսքը ոչ միայն բուն ռուսական ինքնաշարժերուն մասին է, այլեւ Ռուսաստանի մէջ հաւաքուած օտար մակնիշի ինքնաշարժերու:

Միաժամանակ պէտք է նշել, որ ինքնաշարժերու մասնակի արտադրութեամբ զբաղուող գործարաններ կան ոչ միայն Ռուսաստանի, այլեւ Պելառուսիոյ ու Ղազախստանի մէջ (ընդհանուր առմամբ աւելի քան տասը):

Բացի այդ, եկող տարուընէ զգալիօրէն կը նուազի ինքնաշարժերու ներկրման ժամանակ վճարուող հարկը: Հիմա ատիկա 20%-ոց ԱԱՀ է: 2020 թուականէն ատոր փոխարէն կ’ուզեն 1%-ոց եկամտահարկ մտցնեն: Ատիկա կը վերաբերի նաեւ ֆիզիկական անձանց (այսինքն` քաղաքացիներուն ու միայնակ առեւտրականներուն: Աւելի մանրամասն` այստեղ:

Այդ պարագային նոյն 3 000 տոլարանոց ինքնաշարժի ԱԱՀ-ն կը կազմէ ոչ թէ 600, այլ 30 տոլար: Ատիկա կը վերաբերի որեւէ ինքնաշարժի, ըլլայ ԵԱՏՄ-էն բերուող, թէ ոչ:

Աւարտին  աւելցնենք, որ չեն փոխուիր նաեւ ինքնաշարժի ներկրման բնապահպանական վճարներու չափերը, որոնք կ’աւելնան մաքսազերծման վճարներէն զատ: 5-10 տարեկան ինքնաշարժերու համար ատոնք կը կազմեն արժէքի 2%-ը, 10-15 տարեկաններու պարագային`  10%, 15 ու աւելիի պարագային` 20 տոկոսի չափ: