Գառնիի տաճարին մէջ ելեկտրոնային երաժշտութեան փառատօն կը կազմակերպուի

Աշխարհի մէջ յայտնի փառատօնին ներկայ ըլլալու համար զբօսաշրջիկներու մեծ խումբեր պիտի գան Հայաստան:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 2 մայիսի — Sputnik. Մայիս 6-ին Հայաստանի`«Գառնի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանին մէջ, կ’իրականացուի ելեկտրոնային երաժշտութեան փառատօն: Այս մասին այսօր կառավարութեան նիստին յայտարարեց մշակոյթի փոխնախարար Տիգրան Գալստեան:

Հայաստանում պատրաստվում են Հաղթանակի օրվան. ինչ միջոցառումներ են անցկացվելու

Ան նշեց, որ փառատօնը ընկերային կայքերու մէջ ուղիղ եթերով պիտի հեռարձակէ ֆրանսական «Cercle» մետիա կազմակերպութիւնը, որ, Տիգրան Գալստեանի խօսքով, կ’ապահովէ 10-30 մլն առցանց դիտում:

«Այս փառատօնի իրականացման հիմնական նպատակն է հանրահռչակել Հայաստանն  ու Գառնիի յուշարձանը, խթանել զբօսաշրջութիւնը»,– ըսաւ փոխնախարարը:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ զբօսաշրջիկները Հայաստան կու գան ոչ միայն փառատօնէն յետոյ, այլեւ հէնց փառատօնին մասնակցելու համար:

«Անոնք, որոնք տեղեկացուած են ելեկտրոնային երաժշտութեան բնագաւառին մասին, կ’ըսեն, որ սա այս ոլորտի ամենամեծ իրադարձութիւնն է: Եւ մեծ հնարաւորութիւն է աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու Հայաստանի վրայ: Նաեւ կ’ըսեն, որ այս փառատօնէն ետք զբօսաշրջիկներու մեծ խումբեր պիտի ճամբորդեն, որ գան ու մասնակցին փառատօնին»,– ըսաւ վարչապետը:

Ձեռնարկը տեղի կ’ունենայ  «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ–ի եւ «Triangulum Community»  ընկերութեան համատեղ ջանքերով:

Փառատօնի իրականացման համար ՀՀ պիւտճէէն կը յատկացուի 6 մլն դրամ: