ԵՐԵՒԱՆ, 26 ապրիլի — Նելլի Դանիէլեան, Sputnik. Մարտի 7–ին Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնելու ընթացքին վիրաւորուած հայ սակրաւոր Վահան Թադեւոսեան այժմ Հայաստան է, տան մէջ: Ան կ’ապաքինուի Սուրիոյ մէջ ստացած ծանր վիրաւորումէն ու կը պատրաստուի վերականգնողական բուժման յաջորդ` կազմողական վրահատութեան փուլին:
Բայց նոյնիսկ տունէն օրական կը զանգահարէ, կը խօսի Սուրիա աշխատող իր երիտասարդ գործընկերներուն հետ: Վերջին հեռախօսազրոյցն ալ մեր զրոյցէն վայրկեաններ առաջ ունեցած էր: Մեր դիտարկման, թէ աւելի շատ ինք կը քաջալերէ անոնց` մոռնալով իր վնասուածքին մասին, Վահան Թադեւոսեան պատասխանեց. «իմ փորձն ու իրենցը նոյնը չէ»:
«Ինծի պատահած դէպքէն ետք տղաները որոշ ժամանակ մը չէին կրնար աշխատիլ: Անոնք, որոնք այդ պահուն իմ կողքս եղած են, վախցած էին: Բայց ես միշտ իրենց հետ կը զրուցեմ, որ այդ վախն անցնի»,– ըսաւ ան:
Հայ սակրաւորներն արդէն 3 ամիս է` Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կ’իրականացնեն: Իսկ անոնց հրամանատար փոխգնդապետ Վահան Թադեւոսեան անհամբեր կը սպասէ կազմողական վիրահատութեան ու կը վստահեցնէ, որ պիտի վերադառնայ ծառայութեան ու անպայման պիտի մեկնի Սուրիա`շարունակելու ընդհատուած առաքելութիւնը:
Սակրաւորներու համար Սուրիոյ մէջ գործ շատ կայ, Վահան Թադեւոսեանի հաշուարկով` տարիներու գործ: Անոր խօսքով` ականներն այդ երկրին մէջ ամէնուր են, չկան ականապատուած տարածքներու մասին յստակ տեղեկութիւններ, քարտէզներ: Մասնագէտներուն ատոնց տեղերուն մասին կը յուշեն միայն տեղացիները, որոնք մատնացոյց կ’ընեն, թէ որ տարածքին մէջ ականներ պայթած են, ուր խեղուած ու մահացած են իրենց երեխաները:
«Մեզի կը մօտենային մարդիկ, որոնց երեխաներն արդէն զոհուած կամ վիրաւորուած էին ականներու պայթումէն: Կը խնդրէին, որ մաքրենք այդ տարածքները: Շատ կան չպայթած ռումբեր, որոնք երեխաներուն կը հետաքրքրեն, կը մօտենան, ձեռք կու տան, կը պայթին»,– կը պատմէ փոխգնդապետը:
Հայ սակրաւորներն իրենց առաքելութեան առաջին իսկ օրէն դարձած էին սուրիացի երեխաներու հաւատարիմ ընկերները, որոնցմէ միշտ կարելի է քաղցրաւենիք ստանալ:
Թադեւոսեան կը պատմէ, որ յաճախ կ’այցելէր դպրոցներ` երեխաներուն բացատրելու, թէ ինչ է ականն ու ինչու պէտք է ատկէ հեռու մնալ:
«Դպրոց ըսուածը քանի մը դասարանէ բաղկացած փոքր շինութիւններ էին: Կ’երթայի, հետս կը տանէի թխուածքաբլիթներ, քաղցրեղէն, ինչ որ այդ պահուն ունէինք մեր մօտ: Մենք այնտեղ փոքր տուփերով կաթ կը ստանայինք, որ չէինք խմեր, հետս կը տանէի, կը բաժնէի երեխաներուն»,– կը պատմէ հայ հրամանատարը:
Սուրիայէն մնացած ամենածանր տպաւորութիւնը Վահան Թադեւոսեանի համար այդ երբեմնի ծաղկուն երկրին մէջ տիրող համատարած թշուառութիւնն է:
«Գիւղերուն մէջ նոյնիսկ տուներ մտած եմ: Մութ, գետնափոր հիւղակներ են, գետնին ինչ–որ փալասներ դրած են, որոնց վրայ կը քնանան: Ոտաբոբիկ, կիսամերկ, ո՛չ կօշիկ ունին, ո՛չ հագուստ»,– կը յիշէ ան:
Իսկ հայերուն Սուրիոյ մէջ ամենայն յարգանքով կը վերաբերին: Ու ոչ միայն այն պատճառով, որ հայ սակրաւորներն իրենց կեանքի գնով կը փորձեն փրկել սուրիացի երեխաներու կեանքը:
Սուրիոյ մէջ հայուն ճանչցած ու եղբայրական ժողովուրդ կոչած են դեռ 100 տարի առաջ: 1915թ–ին Սուրիա ապաստան գտած, ցեղասպանութենէն փրկուած հայ ժողովուրդն այսօր ինք օգնութեան ձեռք մեկնած է իր պապերը փրկած արաբներուն:
Արդէն 1 դար հայերուն Սուրիոյ մէջ կը ճանչնան որպէս աշխատասէր, բանիմաց ու, ամենակարեւորը, շիտակ մարդիկ:
«Սուրիացի բարձրաստիճան զինուորականներէն մէկն ինծի օր մը պատմեց, որ 100 տարուան ընթացքին Հալէպի մէջ ոեւէ հայ յանցանքի համար չէ դատուած: Ըսաւ` եթէ անգամ փորձես ըսել, թէ հայը ինչ–որ բան գողցած է , քեզի մարդ չի հաւատար»,– պատմեց Վահան Թադեւոսեան:
Այսօր հազարաւոր հայեր դեռ կը շարունակեն ապրիլ Սուրիոյ մէջ ու հակառակ ծանր պայմաններուն, չեն հեռանար իրենց ծննդավայրէն:
Վահան Թադեւոսեանին Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատան տրամադրած տուեալներով` այդ երկրին մէջ այսօր 7-8 հազար հայ կայ, որմէ 4-5 հազարը` Հալէպի մէջ:
Փետրուար 8–ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը 83 հոգիէ բաղկացած մասնագէտներու խումբ մը գործուղած էր Սուրիա` մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնելու:
Մարտ 7–ին առաքելութեան անդամ, փոխգնդապետ Վահան Թադեւոսեան ականի պայթումէ մը վիրաւորուած էր, որմէ յետոյ անոր աջ ոտնաթաթն անդամահատուած էր: