Մեր արխիւները բաց են բոլոր անոնց համար, որոնք կը ցանկան ճշմարտութիւնը գիտնալ. Էրտողան

Президент Турции Реджеп Тайип Эрдоган на пресс-конференции по итогам российско-турецких переговоров (8 апреля 2019). Москвa
Էրտողան ըսած է, որ «Անոնք, որոնք կը փորձեն մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ դասեր տալ Թուրքիոյ, հայոց պնդումներու միջոցով, իրենք արիւնոտ անցեալ ունին»:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 24 ապրիլի-Sputnik. Էրտողան այսօր Անգարայի մէջ ելոյթ ունեցած է արխիւներու զարգացման եւ պատմութեան ուսումնասիրութեան կապակցութեամբ գիտաժողովի ընթացքին: Ելոյթին մէջ անդրադարձած է Ֆրանսային Հայոց ցեղասպանութեան դիրքորոշման վերաբերեալ, ըսած է, որ «Ալճերիոյ եւ Ռուանտայի մէջ միլիոնաւոր իսլամներու սպաննած Ֆրանսան, չի կրնար դասեր տալ Թուրքիոյ»: Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ թրքական «Անատոլ» լրատուական գործակալութիւնը:

Стамбул
Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին մԷջ կը բացուի երկրի միակ հայկական թանգարանը

Ան աւելցուցած է, որ այն կազմակերպութիւններն ու պետութիւնները , որ կ’արծարծեն հայկական հարցը, մինչեւ օրս չեն կրցած փաստաթուղթերով ապացուցել զայն: Նշած է, որ կոտորածները բան մըն են, իսկ տեղահանումը այլ բան:

Էրտողան իր խօսքին մէջ կոչ ուղղած  է Հայաստանին, որ  ճշմարտութիւնը փնտռէ պատմական փաստերու միջոցով, որոնք ամրագրուած են եւ արխիւացուած:

Ինչպէս պարզ կը դառնայ, որ Էրտողան տակաւին կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը, պնդելով, որ իրենց արխիւներուն մէջ կան փաստական տուեալներ, որ պէտք է ուսումնասիրուին հոտազօտողներու կողմէ: