Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին մԷջ կը բացուի երկրի միակ հայկական թանգարանը

Չափար նշած է, որ գիւղական այս թանգարանով կը պատրաստուին պատմել եւ հայկականութեան, եւ քրիստոնէականութեան մասին:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 22 ապրիլի - Sputnik. Թուրքիոյ Հաթայ նահանգին մէջ գտնուող երկրին մէջ մնացած միակ հայկական գիւղ` Վաքըֆլըի մէջ կը բացուի Թուրքիոյ մէջ առաջին հայկական թանգարանը: Այս մասին կը հաղորդէ yerkir.am-ը:

Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը

Թրքական Milliyet պարբերականի հետ զրոյցին Վաքըֆլըի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ֆոնտի նախագահ Ճեմ Չափար նշած է, որ այս թանգարանը կ’ապացուցէ, որ հայերն ու թուրքերը ապրած են միասին եւ կրնան ապրիլ միասին: Չափար նշած է, որ թանգարանը Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ յատուկ կարգավիճակ ստացած է եւ աւելցուցած, որ Արեւելեան միջերկրածովեան զարգացման գործակալութիւնը կ’աջակցի թանգարանի բացման: Թանգարանը կը ցուցադրէ Վաքըֆլըի մշակոյթի, լեզուի, պատմութեան, խոհանոցի, պարերու վերաբերեալ տեղեկութիւններ:

«Իրականութեան մէջ գիւղական այս թանգարանով կը պատրաստուինք պատմել եւ հայկականութեան, եւ քրիստոնէականութեան մասին: Որովհետեւ համալսարան աւարտած մարդիկ կու գան եւ կը հարցնեն թէ արդեօք Անատոլիոյ մէջ եղած հայկականութիւնը ազգ է, թէ կրօն, արդեօք այստեղի հայերը Հայաստանէն եկած հայեր են, ինչ եղաւ հայերուն: Մենք կարիք ունինք պատմելու»․- նշած է Չափար:

Վաքըֆլըի հայկական եկեղեցւոյ վանահայր Աւետիս Թաբաշեան նշելով, որ մինչեւ 1939 թ. Հաթայը եղած է Ֆրանսայի տիրապետութեան տակ, աւելցուցած է, որ Մուսա լերան ստորոտին Վաքըֆլըի պէս 6 գիւղ եղած է, սակայն Հաթայի երկրամասը` Թուրքիոյ միանալէն ետք շրջանի հայերու մէկ մասը գաղթած է երկրամասէն, մաս մըն ալ տեղափոխուած է Վաքըֆլը. «Վաքըֆլըի մէջ 35 հայ ընտանիք կ’ապրի, սակայն մեծամասնութիւնը արտասահմանի մէջ է: Մեր գիւղին մէջ գրագիտութեան մակարդակը 99 տոկոս է: Եկեղեցւոյ մէջ պատարագները հայերէն կը մատուցենք: Գիւղն ունի իւրայատուկ լեզու: Այստեղ բնակողները գիտեն եւ արեւելահայերէն, եւ արեւմտահայերէն, բայց արաբերէն եւ հայերէն խառնուրդով պարպարը ( բառբառ ) մեր յատուկ լեզուն է: Այստեղ բոլորը գիտեն այդ լեզուն». – yerkir.am-ի փոխանցմամբ, նշած է Թաբաշեան: