Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը

Լիպիոյ մէջ այսուհետեւ ամէն տարի 24 Ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը պիտի ոգեկոչուի։
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 20 ապրիլի - Sputnik. Լիպիոյ արեւելեան շրջանի ժամանակաւոր կառավարութեան նախարարներու խորհուրդը որդեգրեց միջազգային յարաբերութիւններու եւ արտաքին գործոց նախարար Ապտուլ Հատի ալ Հուէյճի առաջարկը` ընդունելով 1915-ին, Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Լիպիական «Ալ-Այն» կայքը:

Մոնթրէալի մէջ Ապրիլ 24-ը հռչակեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր

Կառավարութիւնը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ ներկայիս Լիպիոյ նախարարներու խորհուրդի օրէնսդրական տնօրէնութիւնը աշխատանք կը տանի բանաձեւելու որոշում մը, որուն համաձայն, Լիպիոյ մէջ այսուհետեւ ամէն տարի 24 Ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը պիտի ոգեկոչուի։

Արաբական «Ալ Այն» կայքը կ’աւելցնէ , որ հայերը կը հաստատեն մէկ ու կէս միլիոն իրենց նախնիներու սպանութիւնը մինչեւ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումը, իսկ այդ ցեղասպանութեան հարցը աւելի քան 20 երկրի պատմաբաններ փաստած են, ինչպէս Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Ռուսաստանի մէջ:

Վերջին տարիներուն հայերու կոտորածներուն վերաբերեալ միջազգայի հարթակի վրայ խոստովանութիւնները կը շարունակուին, պնդելով, որ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուած այդ կոտորածները մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն են: ԱՄՆ-ի 48 նահանգները եւ աւելի քան 30 երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններ խոստովանած են, ինչպէս նաեւ Վատիկանի մէջ բացած են Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող արխիւները:

Կայքը կը շեշտէ, որ փորձագէտներու համոզմամբ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ամենամեծ ապացոյցն է, յատկապէս որ Պեռլինը Առաջին Համաշխարհային պատերազմին Անգարայի հիմնական դաշնակիցն էր, եւ Գերմանիան ունի Օսմանեան կայսրութեան բոլոր գաղտնիքները: