Պերեճիքլեան ելոյթ կ’ունենայ Սիտնիի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկին

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի տնօրէն Հայկ Կայսերեան նշած է, որ սպասուելիք ձեռնարկին՝ տիկին Պերեճիքլեանի նախատեսուած ելոյթն իրենց համար մեծ պատիւ է:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 18 ապրիլի - Sputnik. Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի` վերջերս վերընտրուած նահանգապետ Կլատիս Պերեճիքլեան ապրիլ 24-ին Սիտնիի մէջ ելոյթ պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեան ժամանակ:

Մոնթրէալի մէջ Ապրիլ 24-ը հռչակեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր

Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ Asbarez-ը,Պերեճիքլեան, որ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայ գաղթականներու թոռնուհի է, կը ղեկավարէ Աւստրալիոյ խորոշագոյն նահանգը:

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեան նշած է, որ սպասուելիք ձեռնարկին ծիրէն ներս տիկին Պերեճիքլեանի նախատեսուած ելոյթն իրենց համար մեծ պատիւ է:

«Մեզի համար զարմանալի չէ, որ անցած ամիս կայացած ընտրութիւններուն ունեցած պատմական յաղթանակէն ետք, նահանգապետին` «Հայկական հարց»-ը պատուելու եւ անով զբաղուելու յանձնառութիւնը կը շարունակէ առաւել քան երբեւէ հաստատուն մնալ»,-ըսած է Կայսերեան:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին ազգային երեկոն ամէնամեայ ձեռնարկ է, որուն կազմակերպիչն Աւստրալիոյ յիշատակի կոմիտէն է: Ամէն տարի ձեռնարկին կը մասնակցի մօտ հազար մարդ` հիմնականին մէջ Սիտնիի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ կրօնական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ ակադեմական առաջնորդներ` աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

Այս տարի ձեռնարկին ծիրէն ներս ելոյթ կ’ունենան հեղինակաւոր գիտական հաստատութիւններ ներկայացնող մասնագէտներ, ցեղասպանագէտներ: