ԵՐԵՒԱՆ, 17 ապրիլի-Sputnik. Արժանթինի Սուփեր լիկայի գաւաթի խաղարկութեան ծիրէն ներս կայացած է «Սան Լորենսօ» եւ «Ուրական» խումբերու հանդիպումը, որուն մեկնարկէն առաջ «Սան Լորենսոն» յարգած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Diario Armenia պարբերականը, հանդիպումը կայացած է ապրիլի 14-ի երեկոյեան: Ակումբի խաղցողներն ու ներկայացուցիչները մարզադաշտին մէջ մեծ պաստառ ցուցադրած են` նուիրուած Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին:
«Բոլորս կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը», – կ’ըսուի պաստառի գրառման մէջ:
Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, որուն աջակցած է ակումբի նախագահ Մաթիաս Լամէնսը: