Այստեղ, գլուխդ կը դնես բարձին, գիտես` քու հայրենիքդ է. սուրիահայու երազանքը իրականացա՞ւ

Սփիւռքահայ տղան կ’երազէ Հայաստանի մէջ ապրելու մասին: Ան կը խոստանայ` ընել հնարաւորն իր երազանքն իրագործելու համար:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 17 ապրիլի — Sputnik, Արմենուհի Մխոյեան. Հայաստանը նոյնը չէ, ինչ 10 կամ 20 տարի առաջ, լրիւ փոխուած է, երկիրն առաջ  կ’երթայ: Այս կարծիքին է «Դէպի Հայք» կամաւորական ծրագիրով արդէն մէկ ամիս Հայաստանի մէջ գտնուող սփիւռքահայ Գէորգ Գրիգորեանը:

Գէորգը ծնած ու մեծցած է Սուրիոյ Դամասկոս քաղաքին մէջ, սակայն պատերազմը սկսելէն 2 տարի անց` 2013–ին, ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Լիբանան: Լիբանան միայն մէկ տարի մնալէ ետք, ընտանիքը կրկին կը տեղափոխուի, այս անգամ` Գանատա: Մայր հայրենիք գալու երազանքը երիտասարդը միշտ  ունեցած է, այդ իսկ պատճառով «Դէպի Հայք» ծրագիրի  ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ կամաւորութիւն ընելու մասին իմանալուն պէս անմիջապէս մասնակցութեան յայտ  ուղարկած է:

Ռենա Լուսին Պիթմէզի ժապաւէնը Սթամպուլի փառատօնի գլխաւոր մրցանակին արժանացաւ

Արդէն 1 ամիս է Գէորգը Հայաստանի մէջ կ’ապրի, նախ` Գիւմրիի, ապա Երեւանի մէջ: Sputnik Արմենիայի հարցին, թէ չի կարօտնար իր հայրենիքը`  Սուրիան, երիտասարդը  կը շտապէ ուղղել`  հայրենիքս այստեղ է: Ծրագիրի պահանջին համաձայն` Գէորգ պէտք է վերադառնայ Գանատա, բայց կ’անկեղծանայ՝ կ’ուզէ Հայաստանի մէջ ապրիլ: «Շատ կը մտածեմ Հայաստան գալու եւ այստեղ ապրելու մասին,  յատկապէս հիմա, երբ եկայ ու երկար մնացի: Դեռ 2 ամիս  ալ Երեւանի մէջ կամաւորութիւն պիտի ընեմ ու  հնարաւորութեան պարագային, յետոյ անպայման անգամն ալ կու գայ: Ամէն ինչ կ’ընեմ ատոր համար»,-կ’ըսէ Գէորգը:

Ի դէպ, երիտասարդին համար ասիկա առաջին այցը չէ Հայաստան: «Փոքր էի, 2003 թուականն էր` 16 տարի առաջ, որ եկանք Հայաստան: Շատ բան չեմ յիշեր այդ այցելութենէն, բայց կը տեսնեմ, որ հիմա աւելի զարգացած ու աշխոյժ է  Հայաստանը: Յոյսով եմ, որ այս Հայաստանը առաջ կ’երթայ»:

Գանատայի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Հայաստանի մասին խօսելուն` երիտասարդը  բան մը կ’առանձնացնէ` Հայաստանի ժողովուրդն այլ է: «Հայաստանի մէջ մարդիկ շատ մտերիմ են ու հարազատ: Յատկապէս, Գանատայի մէջ այդպէս չէ` այնտեղ ամէն մէկն իր կեանքով կ’ապրի: Բայց միայն ժողովուրդը չէ, որ ինծի համար Հայաստանը իւրայատուկ կը դարձնէ, ի վերջոյ, այստեղ, երբ գլուխդ կը դնես բարձին, գիտես, որ քու հայրենիքդ է»:

Գէորգը  դեռ չէ որոշած Հայաստանի մէջ ընտանիք   կազմելու մասին, թէ  դուրսը,  բայց մէկ հարցով վստահ  է` սփիւռքի մէջ գտնուող  բոլոր հայերը, թէկուզ մէկ անգամ, պէտք է գան ու սեփական աչքով տեսնեն իրենց հայրենիքը`  չհաւատալով այն չարախօսներուն , որոնք կը պնդեն թէ  Հայաստանի մէջ ամէն ինչ վատ է: