Սփիւռքահայերու համար Հայաստանի մէջ մատչելի բնակարան գնելու հնարաւորութիւն

Փաշինեան Սթրազպուրկի մէջ հայ համայնքին հետ հանդիպման ժամանակ խօսած է ներգաղթեալներու համար նախատեսուող «մատչելի բնակարան» ծրագիրի մասին:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 12 ապրիլի – Sputnik. ՀՀ կառավարութիւնը կը մտածէ «բնակարան ներգաղթեալներու համար» ծրագիրի մասին: Ինչպէս կը յայտնէ ՀՀ վարչապետի մամլոյ  ծառայութիւնը, Նիկոլ Փաշինեան այս մասին ըսած է Սթրազպուրկի մէջ հայ համայնքին հետ հանդիպման ժամանակ:

Հայ ժողովուրդի վէրքը կրնայ ապաքինիլ միայն՝ Թուրքիոյ մէջ արդարութիւն տիրելով. Կարօ Փայլան

«Վերջերս Վիեննայի հայութեան հետ հանդիպման ընթացքին գաղափար յառաջացաւ, որ, ինչպէս մենք ունինք բնակարան երիտասարդ ընտանիքներու համար ծրագիր, բնակարան երիտասարդ մասնագէտներու համար ծրագիր, հիփոթեքային ծրագիրներ, նաեւ ստեղծուի բնակարան ներգաղթեալներու համար ծրագիր, որուն իմաստը որոշակի պայմաններով հիփոթեքային վարկեր առաջարկելն է` առաւել մատչելի տոկոսներով»,– ըսած է ան:

Փաշինեան նշած է, որ կառավարութիւնն ու Կեդրոնական դրամատունը համատեղ կ’աշխատին այդ ծրագիրի իրագործման վրայ:

ՀՀ վարչապետն աշխատանքային այցով Սթրազպուրկ կը գտնուէր ապրիլ 10-ին եւ 11-ին: